ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԵՆԵՐԳԻՉՆԵՐՈՒ ԿԱՏԱՐՈՒՄՆԵՐԸ ԿԸ ՏԵՍԱԳՐՈՒԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՀԱՄԱԼԻՐԷՆ ՆԵՐՍ

Կը տեղեկանանք, որ Պատրիարքական Աթոռը այս շրջանին գեղարուեստական հետաքրքրական ծրագրի մը հետամուտ եղած է։ Այսպէս, Պատրիարքարանի պատմական համալիրէն ներս պոլսահայ յայտնի մեներգիչներու մասնակցութեամբ տեսագրութիւններ եւ ձայնագրութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անոնց կատարումները կը նկարահանուին համալիրի զանազան բաժիններէն ներս. օրինակ՝ հիւրանոցի պատշգամին վրայ, դահլիճի դաշնամուրին շուրջ եւ այլն։

Պատրիարքական Աթոռի հիմնադրութեան մօտալուտ 560-ամեակի յոբելեանին ընդառաջ կեանքի կը կոչուի այս ծրագիրը, որ ներկայիս սկզբնական փուլի մէջ կը գտնուի։

Ուրբաթ, Յունիս 26, 2020