ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ

Պէյքոզի նիւթը ներկայիս կը բնորոշէ թրքահայութեան օրակարգը՝ այն աստիճան, որ պատրիարքական ընտրութեան հարցէն իսկ աւելի առաջնահերթ դարձած է։ Ինչպէս կը գրենք օրերէ ի վեր, Պէյքոզի երբեմնի հայոց գերեզմանատան գործնականօրէն ապասեփականացուած տարածքին փոխարէն պետութեան կողմէ կը կատարուի հատուցում։ Փոքրամասնութիւններու վաքըֆներուն համար նախատեսուած բարեփոխումներու դրական արդիւնքներուն տեսակէտէ վառ օրինակ մըն է այս մէկը։ Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին համար փոխանցուած է 26 միլիոն թրքական լիրա հատուցում։ Այդ գումարին 20 միլիոն 620 հազար լիրան արդէն ներկայիս Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին վրայ է։

Երէկ երեկոյեան, Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին պետութեան կողմէ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներու արժեւորման նիւթին շուրջ։ Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան նախագահեց այս ժողովին, որուն հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային մամուլի ներկայացուցիչները։ Ներկայ էին Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Վարուժան Մաղաքեան, անդամներէն Արէտ Չիչէքէքէր, ինչպէս նաեւ այլ քանի մը ազգայիններ, որոնք կը կազմեն կորիզը այն յանձնախումբին, որ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին առընթեր պիտի գործէ որպէս խորհրդատուական խումբ գումարներու նպատակասլաց արժեւորման համար։ Այդ ազգայիններն էին՝ Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) դիւանի ատենադպիր ու Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլը, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեան, Ֆէրգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Մանուկ Քալայճը, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի նախկին ատենապետ Վարդան Մառանճըօղլու եւ միջազգային հարկային իրաւունքի մասնագէտ Արեգ Ֆերեհեան։ Այս անունները կը կազմեն սոյն յանձնախումբին կորիզը։ Նախապէս արդէն հաղորդուած էր, որ անդամներու շարքին կը գտնուի նաեւ Վաքըֆներու խորհուրդի մօտ փոքրամասնութեանց ներկայացուցիչ Թորոս Ալճան, որ երէկ կը բացակայէր։ Յանձնախումբի կազմը շուտով վերջնական տեսքը պիտի ունենայ եւ երէկուան հաւաքոյթը արդէն կը հետա-պընդէր նաեւ այդ կորիզը համայնքային շրջանակներու պաշտօնապէս ներկայացնելու նպաակը։ Տեղապահ սրբազան հօր նախագահութեամբ կազմակերպուած երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին ստեղծուած մթնոլորտը յոյս ներշնչեց, թէ Պէյքոզի նիւթի պարագային գործակցութեան ենթագետին մը ստեղծուած է՝ մանաւանդ, որ Վարուժան Մաղաքեանի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը պատրաստակամ է պատմական թաղին բաժին հասած միջոցները օգտագործելու համար մեր համայնքի ընդհանուր կարիքներու դիմագրաւման ի նպաստ։ Նորին սրբազնութիւնը հաւաքոյթի ընթացքին ընդգծեց, որ Պէյքոզի նիւթի պարագային խորքին մէջ վիճելի կամ գաղտնի հարցեր չկան։ «Իմ շրջանիս ես կը փափաքիմ, որ նիւթական հարցերը բաց ըլլան, աւելորդ խօսակցութիւններ կամ տարբեր ձեւով մեկնաբանութիւններ չըլլան», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ աւելցուց, որ այս գործով զբաղելիք յանձնախումբը բծախնդիր աշխատանք պիտի տանի՝ նիւթական միջոցներու օգտագործման հեռանկարներուն շուրջ։ Իր կարգին, Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանն ալ ընդգծեց, որ գործընթացը թափանցիկ ձեւով յառաջ տանիլը կը ներկայացնէ մեծ կարեւորութիւն։ Աւելի վերջ Վարուժան Մաղաքեան եւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները մանրամասնօրէն յիշեցուցին այս գործընթացի սկիզբէն ի վեր ապրը-ւածներն ու մշակուած շփումները, տարուած աշխատանքը, ի վերջոյ ապահովուած արդիւնքով հանդերձ։

Երէկուան հաւաքոյթի ընթացքին մանրակրկիտ շօշափուեցան նաեւ փաստաբանական մասնավճարներու խնդիրը։ Մամլոյ ներկայացուցիչները մանրամասն հարցումներ ուղղեցին նաեւ Պէյքոզի թաղային խորհուրդին եւ փաստաբանին միջեւ կնքուած պայմանագրին շուրջ։ Այս պարագան կարեւոր է, որովհետեւ յառաջիկային Իսթանպուլի քաղաքապետարանէն ալ պիտի հասնի հատուցման գումար մը, որու ատեն եւս մասնավճարներու հարցը պիտի գայ օրակարգի վրայ։ Բաց աստի, թէեւ ներկայիս Պէյքոզի նախկին գերեզմանատան տարածքին վրայ շինարարութիւն ծաւալել կարելի չէ, սակայն ժամանակի ընթացքին այդ թոյլտուութիւնն ալ պիտի պահանջուի պատկան իշխանութիւններէն։ Հետեւաբար, եթէ այդ արտօնութիւնը տրուի, աւելի հեռահար ապագային այդ տարածքին վրայ շինարարութիւն մը ծաւալելու հեռանկարը պիտի ստեղծուի։ Փաստաբանին հետ կնքուած պայմանագիրը այժմէն նախատեսած է ապագայ շինարարութեան վերաբերեալ կէտեր։ Ժողովականները մտահոգութիւն յայտնեցին այդ երկարաժամկէտ պատասխանատուութիւններուն համար, իսկ թաղականները մատնանշեցին, որ իրենք ամէն տեսակ ապահովութիւն ունին՝ գործընթացի շարունակութեան բոլոր փուլերը հակակշռելու եւ տնօրինելու համար։ Թաղականները տեղեկացուցին նաեւ, որ փաստաբանին կողմէ գանձուած մասնավճարը կ՚ընդգրկէ նաեւ այս գործարքին վերաբերեալ տուրքերը եւ սա է պատճառը, որ թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին փոխանցուած գումարին մէջ յառաջացած է շուրջ 20 տոկոս համեմատութեամբ վնաս մը։

Ժողովի ընթացքին Յարութիւն Շանլը տեղեկացուց, որ մինչեւ շաբաթավերջ հրատապ ժամադրութիւն մը կը նախատեսուի փաստաբան Ալի Էլպէյօղլուի հետ։ Իր կարգին, Հրանդ Մոսկոֆեանն ալ յայտնեց, որ համայնքային հաստատութիւններուն համար տրամադրուելիք միջոցները պէտք է ունենան յստակ չափանիշներ եւ անպայման պէտք է մշակուի համապատասխան կանոնադրութիւն մը՝ եթէ նոյնիսկ այդ մէկը ըլլայ անպաշտօն։

Չորեքշաբթի, Յուլիս 26, 2017