ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ՄԵԿՆԱՐԿ

Համայնքային շրջանակներէ ներս 2020-2021 եղանակի մատաղօրհնութիւններու պատրաստութիւնները արդէն կը սկսին։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, շրջանի առաջին մատաղօրհնութիւնը տեղի պիտի ունենայ Սամաթիոյ մէջ՝ ի նպաստ թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի։ Երէկ երեկոյեան Սամաթիոյ մէջ տեղի ունեցաւ առաջին նախապատրաստական ժողովը։ Այս առթիւ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը կազմակերպեց ընթրիք մը՝ սեղաններու շուրջ համախմբելով մեր զանազան բարերարները, համայնքային վարիչներ, թաղի յարակից մարմիններու ներկայացուցիչներ եւ համակիրներ։ Սեղանը օրհնեց հոգեւոր հովիւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան։ Ատենապետ Եսայի Տեմիրի կողմէ գլխաւորուած թաղային խորհուրդը ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեց բոլոր ներկաները։

Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի բացման աղօթքէն վերջ հնչեցին զանազան ելոյթներ։ Քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներու բերումով այս տարուան նախապատրաստական հաւաքոյթին սովորականէ աւելի քիչ թիւով մասնակիցներ հրաւիրուած էին։ Ատենապետ Եսայի Տեմիր բացատրութիւններ տուաւ Սամաթիոյ այժմու վիճակին շուրջ։ Այս տարի շուրջ 2 միլիոն 500 հազար լիրա պիւտճէի բաց մը խնդրոյ առարկայ է Սամաթիոյ պարագային։ Համաճարակի հետեւանքով անխուսափելիօրէն նուազած են թաղի կալուածներու հասոյթը եւ գերեզմանատունէն հասած վճարները։ Այս դժուարին իրավիճակին մէջ Սամաթիոյ ընտանիքը վայելած է զօրակցութիւնը Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան, Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդի, Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան, Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի, Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի եւ Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի։ Եսայի Տեմիր խոր երախտագիտութիւնով արտայայտուեցաւ այս թաղերու զօրակցութեան շուրջ։ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ համալիրէն ներս կ՚իրականացուին նաեւ կարգ մը անհրաժեշտ վերանորոգութիւններ։ Այս ուղղութեամբ աջակցութիւն ցոյց կու տան մեր ազգայիններէն Գատիմ Պիրոս եւ Ժիրայր Տաղտեւիրէնէլ, ինչպէս նաեւ պուրունքըշլացիներ։ Եսայի Տեմիր շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ անոնց։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ենթակայ Ալթըմէրմէրի Ս. Յակոբ Գլխադիր եկեղեցին ալ ներկայիս ենթարկուած է վերանորոգութեան։ Այս ծրագիրն ալ յառաջ կը տարուի Յակոբ Պաղամի եւ Ալեքսան Քումաշի նուիրատուութիւններով։ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ենթակայ Փալաքաշեան հիմնարկը ունի Բանկալթիի մէջ շէնք մը, որու վերանորոգութեան համար միջոցներ յատկացուած են Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։ Այս բոլոր ծրագիրներու պարագային օգնութիւններու համար Եսայի Տեմիր յայտնեց շնորհակալութիւնները։

Ելոյթի տեւողութեան Եսայի Տեմիր յայտնեց, որ սեպտեմբերի 21-ին նախատեսուած Սամաթիոյ մատաղօրհնութիւնը ամենայն հաւանականութեամբ սահմանափակ պիտի ըլլայ միայն կրօնական արարողութիւններով։ Շատ նուազ հաւանականութիւն մըն է սիրոյ սեղանի սարքումը՝ համաճարակի հետեւանքով։ Ըստ Եսայի Տեմիրի, այս տարի առցանց հանգանակութիւն պիտի կատարուի, այսինքն նուիրատուութիւնը պիտի կազմակերպուի հեռավար։ Ատենապետը նշեց, որ ներկայիս կը դիմագրաւուին լուրջ դժուարութիւններ, բայց եւ այնպէս մեր համայնքը անցեալի մէջ շատ աւելի դժուար օրեր ալ ունեցած է եւ այդ բոլորը յաղթահարած։ Ան լաւատեսութեամբ նշեց, որ դժուարութիւններու մէջ միշտ ծագած է լոյս մը։

Երեկոյթի ընթացքին ելոյթներ ունեցան Սամաթիոյ պատուոյ ատենապետ Մելքոն Քարաքէօսէ, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Էօղէր, Տ. Զաւէն Քհնյ. Պըչաքճեան եւ Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեան։ Մելքոն Քարաքէօսէ այս փուլին շեշտեց, որ համաճարակի մթնոլորտին մէջ մեծ ռիսք մը պիտի ըլլար սիրոյ սեղան սարքելը։ Հետեւաբար, աշխատանքները կրկնապատկելով յաջողութեան հասնիլ անհրաժեշտ պիտի ըլլայ։ Ան շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքային այն բոլոր հաստատութիւններուն, որոնք աջակցութիւն կը ցուցաբերեն։ Քարաքէօսէ նշեց, որ տակաւին դժբախտաբար կան հաստատութիւններ, որոնք հնարաւորութիւն ունենալով հանդերձ չեն օժանդակեր կարիքաւոր մեր կառոյցներուն։

Ընթրիքը եզրափակուեցաւ աղօթքով։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 26, 2020