«ՄԻՋՑԱՄԱՔԱՄԱՍԱՅԻՆ ԼՈՂՈՐԴ»՝ ՇԱՆԹ ԷՊԷՄԿԸՐԵԱՆ

Մեր համայնքի մարզիկներէն Շանթ Էպէմկըրեան երկար տարիներէ ի վեր ծանօթ է լողի մէջ արձանագրած հետեւողական յաջողութիւններով։ Ան վերջերս Վոսփորը հերթական անգամ կտրելով նուաճեց «Միջցամաքամասային լողորդ» կոչումը։

Շանթ Էպէմկըրեան վերջերս մասնակցութիւն բերաւ Վոսփորի Միջցամաքամասային լողի մրցոյթին։ 32-րդ անգամ կազմակերպուած այս մրցաշարքին շուրջ 2500 լողորդ մասնակցութիւն բերաւ՝ աշխարհի 55 երկրէ։ Շանթ Էպէմկըրեան այս մրցաշարքին 6-րդ անգամ մասնակցեցաւ եւ Վոսփորի երկու ափերուն միջեւ լողաց 54 երկվայրկեանի (00:54:04) ընթացքին։

Հարկ է նշել, որ Շանթ Էպէմկըրեան նախապէս ալ լողացած էր Տարտանելի նեղուցի Ասիոյ եւ Եւրոպայի ափերուն միջեւ։

Այս առթիւ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք լողորդ Շանթ Էպէմկըրեանը։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 26, 2021