ՉԵԽԻՈՅ ԱԶԳԱՅԻՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ԸՆԴՈՒՆԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ մասնակցեցաւ Չեխիոյ Ազգային տօնին առթիւ քաղաքիս մէջ սարքուած պաշտօնական ընդունելութեան, որ կազմակերպուած էր «Հիլթըն» պանդոկէն ներս։ Սոյն տօնը ծանօթ է նաեւ «Բարի արքայ Վենսեսլաս» անունով եւ ձօնուած է այդ արքայի սրբացման, որ տեղի ունեցած է 935 թուականին՝ իր սպանութենէն վերջ։ Իսթանպուլի մօտ Չեխիոյ աւագ հիւպատոս Ժիրի Չիսթեսքիի տանտիրութեամբ տեղի ունեցաւ հաւաքոյթը։ Ան տակաւին հազիւ երկու շաբաթ առաջ նշանակուած է այդ պաշտօնին։ Նորին սրբազնութիւնը յանուն Պատրիարքական Աթոռին ու մեր համայնքին յղեց շնորհաւորութիւններ ու բարեմաղթանքներ։ Փոքրամասնական համայնքներու հոգեւոր առաջնորդները եւս հրաւիրուած էին այս ընդունելութեան։

Հաւաքոյթին ներկայ էր նաեւ Էկեմէն Պաղըշ, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանին կողմէ վերջերս նշանակուած է Չեխիոյ մօտ Թուրքիոյ դեսպան։ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան առիթն ունեցաւ նաեւ զրուցելու Էկեմէն Պաղըշին հետ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2019