ԳԱՆՏԻԼԼԻԻ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՀՐԱՏԱՊ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ

Կը տեղեկանանք, որ Գանտիլլիի Սուրբ Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցին ներկայիս ենթարկուած է վերանորոգութեան։ Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս գողտրիկ սրբավայրը երկար ժամանակէ ի վեր խնամքի ու ֆիզիքական ամրացման կարիք ունէր, սակայն նախկին շրջաններուն այդ նախագիծը միշտ յետաձգուած էր։ Այժմ, Գանտիլլիի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Ֆէնէրճի եւ գործակից ընկերները ձեռնարկած են այս անյետաձգելի աշխատանքին։ Եկեղեցւոյ շէնքին ֆիզիքական պայմանները այնպիսի ահազանգային համեմատութիւններու հասած են, որ արդէն փլուզման վտանգ խնդրոյ առարկայ է։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ թաղային խորհուրդը պատկան իշխանութիւններէն փութով ստացած է անհրաժեշտ թոյլտուութիւնները։ Խորանի կողքի հատուածներու եւ պատերու խոր ճաքերը այս պահուն մեծ մտահոգութեան առարկայ դարձած են։ Առաջին հերթին եկեղեցւոյ շէնքը պողպատեայ արտաքին յենասիւներով կքելու վտանգէ զերծ դարձուած է եւ հրատապ ձեւով ձեռնարկուած է տանիքի նորոգութեան։ Այս ծրագիրը տակաւին պէտք է ի կատար ածուի։

Գանտիլլիի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս փուլին ամբողջ համայնքին կոչ կ՚ուղղէ, որպէսզի զօրակցութիւն ցուցաբերուի շինարարութեան ծրագիրը բարեյաջող աւարտին հասցնելու եւ յաջողութեամբ պսակումը ապահովելու համար։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022