ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին վերջերս վերստին խնամքի ենթարկուած է։ Թաղային խորհուրդի աղբիւրները հաղորդեցին, որ եկեղեցւոյ բուն շէնքին համար չեն եղած այս վերջին աշխատանքները, այլ ամրացուած ու վերանորոգուած են արտաքին պարիսպներն ու դարպասը, ինչպէս նաեւ յարակից շէնքերը։ Ամրացման ու վերանորոգութեան աշխատանքներուն առընթեր այդ հատուածները ամբողջութեամբ ներկուած եւ խնամեալ տեսքի մը տիրացած են։

Վոսփորի Ասիական ափի մեր այս եկեղեցին այժմ ունի նախանձելի տեսք մը։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022