ՊԱՂՏԱՍԱՐԵԱՆԻՆ ՊԱՇՏՕՆ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր երաժշտական աշխարհի այնքան համակրելի եւ արժէքաւոր դէմքերէն Արթիւր Պաղտասարեան կոչուած է նոր ու պատուաբեր պաշտօնի մը։ Այսպէս, ան նշանակուած է Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութեան գեղարուեստական ղեկավար։ Արթիւր Պաղտասարեանի երաժշտական բնագաւառէ ներս ցայսօր բոլորած ուղին արդէն բաւարար է վստահ ըլլալու համար, թէ ան այս պաշտօնին գլուխը կ՚արդարացնէ իր վրայ դրուած յոյսերը։

Արթիւր Պաղտասարեան մեր համայնքէն հասած իր սերունդի լաւագոյն երաժիշտներէն մին է։ Ան աւարտած է Երեւանի «Կոմիտաս» երաժշտանոցը։ Բարձրագոյն ուսումը աւարտելէ վերջ քաղաքս վերադառնալով՝ Արթիւր Պաղտասարեան մէկ կողմէ արհեստավարժ հարթութեան վրայ երաժշտական գործունէութիւն կը ծաւալէ, իսկ միւս կողմէ կարեւոր ներդրում կը բերէ նաեւ մեր համայնքի երաժշտական կեանքին՝ թէ՛ որպէս մենակատար եւ թէ որպէս ուսուցիչ։ Հարկ է նշել, որ Իսթանպուլի Ֆիլհարմոնիի միութիւնը հիմնադրուած է Ճեմալ Ռեշիտ Ռէյի կողմէ եւ Արթիւր Պաղտասարեան միեւնոյն ժամանակ մաս կը կազմէ այդ միութեան վարչութեան։

Այս նոր պաշտօնին առթիւ կը շնորհաւորենք Արթիւր Պաղտասարեանը եւ իրեն կը մաղթենք նորանոր յաջողութիւններ։

Երկուշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2022