«ՊԱՏԿԵՐԷՆ ԱՆԴԻՆ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Յայտնի նկարիչ Արէտ Կըճըր այս օրերուն Իսթանպուլի մէջ գեղարուեստասէրներուն կը ներկայանայ հերթական անհատական ցուցահանդէսով մը։ Երէկ երեկոյեան, Պէյօղլուի «Öktem Aykut» գեղարուեստասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արէտ Կըճըրի նոր ցուցահանդէսին բացումը, որ համախմբեց բազմաթիւ գեղարուեստասէրներ։ «Պատկերէն անդին» խորագրեալ այս ձեռնարկի այցելուները հնարաւորութիւն կ՚ունենան ծանօթանալու Արէտ Կըճըրի 14 նոր ստեղծագործութիւններուն, որոնք իսկապէս ուրոյն եւ արժէքաւոր գործեր են։ Մինչեւ նոյեմբերի 9-ը բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որուն առթիւ Արէտ Կըճըր ներկայիս Իսթանպուլ եկած է։ Ան Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն մէջ կը շարունակէ իր գեղարուեստական գործունէութիւնը, ուստի, իր արուեստի համակիրներուն տեսակէտէ հաճելի է նաեւ ցուցահանդէսի բացման փուլին իր ներկայութիւնը վայելել Իսթանպուլի մէջ։

Ցուցահանդէսի բացման առթիւ երէկ սարքուած ընդունելութեան ընթացքին Արէտ Կըճըր ջերմօրէն շրջապատուեցաւ իր բարեկամներուն եւ արուեստի համակիրներուն կողմէ, որոնք ջերմ վերաբերմունք ցոյց տուին իրեն նկատմամբ։

Այս առթիւ մենք եւս կը շնորհաւորենք Արէտ Կըճըրը եւ նորանոր ձեռքբերումներ կը մաղթենք իրեն՝ գեղարուեստական կեանքէ ներս։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 26, 2024