ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Ֆէ­րի­գիւ­ղի Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ ապ­րուե­ցաւ ար­տա­սո­վոր օր մը։ Թա­ղի Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ սար­քուած տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան սի­րոյ սե­ղա­նին առ­թիւ հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը ժա­մադ­րուած էին մեր այս հա­յա­հոծ թա­ղին մէջ։ Կրօ­նա­կան եւ աշ­խար­հիկ ա­ւան­դա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց եւ օ­րուան պատ­գա­մը տուաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան։ Թէեւ օ­րուան հան­գա­նա­կու­թեան ար­դիւն­քը հա­րիւր տո­կո­սով չար­դա­րա­ցուց հա­շուարկ­նե­րը, սա­կայն յա­մե­նայն­դէպս հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րը յստակ կամք մը ար­տա­յայ­տած ե­ղան Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ եւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նին զօ­րակ­ցե­լու ի­մաս­տով։

Ե­րէկ ա­ռա­ւօ­տեան կա­նուխ ժա­մե­րէն սկսեալ ար­դէն լե­ցուած էր Ֆէ­րի­գիւ­ղի ե­կե­ղե­ցին, ուր պա­տա­րա­գեց Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Ներ­կայ էին նաեւ Տ. Զա­տիկ Վրդ. Պա­պի­կեան եւ Տ. Զօհ­րապ Քհնյ. Ճի­վա­նեան։ Ս. Սե­ղա­նին սպա­սար­կե­ցին Սեդ­րակ Սրկ. Տա­վութ­հան, Հմա­յեակ Սրկ. Քո­չու­մեան, Սա­յաթ Սրկ. Չը­նար, Ար­մե­նակ Սրկ. Գա­զան­ճեան, Ա­րամ Սրկ. Ալ­թըն­չա­թալ եւ այլ դպիր­ներ։ Եր­գե­ցո­ղու­թիւն­նե­րը ներ­դաշ­նա­կօ­րէն կա­տա­րուե­ցան Ս. Վարդ­նա­նաց Դպրաց Դաս-երգ­չա­խում­բին կող­մէ՝ Ատ­րու­շան Հա­լա­ճեա­նի ղե­կա­վա­րու­թեամբ եւ Լիւ­սի Գահ­վէ­ճիօղ­լուի նուա­գակ­ցու­թեամբ։ Ս. Պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին հան­դի­սա­դիր Սրբա­զան Հայ­րը խօ­սե­ցաւ քա­րոզ մը։ Ա­ւար­տին կա­տա­րուե­ցաւ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն եւ տե­ղի ու­նե­ցաւ մա­տա­ղի օրհ­նու­թիւն։ Ա­րա­րո­ղու­թեան ներ­կայ գտնուե­ցան նաեւ Պէ­շիկ­թա­շի քա­ղա­քա­պետ Մու­րատ Հա­զի­նէ­տար եւ Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան։ 

Կրօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րէն վերջ ե­կե­ղեց­ւոյ յա­րա­կից «Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ սար­քուե­ցաւ սի­րոյ սե­ղան, ո­րուն եւս նա­խա­գա­հեց Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան՝ իր կող­քին ու­նե­նա­լով հո­գե­ւոր հայ­րե­րը։ Ներ­կայ էին Սեւ ծո­վեան տնտե­սա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեան մօտ Հա­յաս­տա­նի մշտա­կան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Ար­սէն Ա­ւա­գեան եւ ներ­կա­յա­ցուց­չա­կան խորհր­դա­կան Ի­կոր Մար­տի­րո­սեան, Շիշ­լիի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նէն Վազ­գէն Պա­րըն, Իս­թան­պու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տի խորհր­դա­կան­նե­րէն Նա­տիա Թա­շէլ, յայտ­նի բա­րե­րար­ներ, հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ­ներ, քոյր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րու վա­րիչ­ներ, Ֆէ­րի­գիւ­ղի ըն­տա­նի­քի ան­դամ­ներ, հա­մա­կիր­ներ եւ հիւ­րեր։ Ս. Վար­դա­նանց ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր եւ իր ըն­կեր­նե­րը շատ ջերմ մթնո­լոր­տի մը մէջ հիւ­րըն­կա­լե­ցին բո­լոր ներ­կա­նե­րը։ Տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բին կող­մէ սար­քուած սե­ղան­նե­րուն շուրջ ա­նոնք հե­տե­ւե­ցան ճա­ռե­րուն եւ ա­շա­կերտ­նե­րու ե­լոյթ­նե­րուն։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ Գա­րէն Թեր­զեա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ։ Ե­լոյթ­նե­րով հան­դէս ե­կան Մա­նուկ Էօ­ղէր, թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րէն Ազ­նիւ Մե­ծա­տու­րեան եւ Մէ­րա­մէթ­ճեան վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Ար­փի Մա­նու­կեան, ո­րոնց բա­ցատ­րու­թիւն­նե­րը դպրո­ցի ներ­կայ կա­ցու­թեան կա­պակ­ցու­թեամբ ամ­բող­ջա­կան պատ­կե­րա­ցում մը տուին ներ­կա­նե­րուն։ Ա­տե­նա­պետ Մա­նուկ Էօ­ղէր այս առ­թիւ մատ­նան­շեց, թէ մեր հա­մայն­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րէն ընդ­հա­նուր առ­մամբ հա­ւա­սար ձե­ւով չեն օգ­տուիր մեր բո­լոր հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը։ Ան հա­մո­զուած է, թէ նիւ­թա­կան հարս­տու­թիւ­նը պէտք է օգ­տա­գոր­ծել նոր սե­րունդ­նե­րուն լա­ւա­գոյն ու­սու­մը ջամ­բե­լու, ա­նոնց տար­րա­կան կա­տա­րեալ կրթու­թիւն մը տա­լու եւ մեր լե­զուն ու մշա­կոյ­թը ա­նոնց փո­խան­ցե­լու ա­ռա­ջադ­րու­թեամբ։ Մա­նուկ Էօ­ղէր հա­մո­զուած է, որ մեր բազ­մա­թիւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն չեն հա­մա­րեր ի­րենց նիւ­թա­կան հնա­րա­ւո­րու­թիւն­նե­րը ո­րա­կեալ կրթու­թեան եւ կրթա­կան մշակ հասց­նե­լու ի նպաստ օգ­տա­գոր­ծե­լը։ Որ­պէս հե­տե­ւանք, հա­մայն­քին մէջ լուրջ զան­գուած մը, կրթու­թեան ո­րա­կը պատ­ճա­ռա­բա­նե­լով իր ե­րա­խա­նե­րը չ՚ա­ռաջ­նոր­դեր հա­մայն­քա­յին վար­ժա­րան­ներ։ Այս ե­րե­ւոյ­թը պատ­ճառ կը դառ­նայ, որ այդ տղա­քը հաս­նին ի­րենց հա­րա­զատ հա­ւա­քա­կա­նու­թե­նէն, մշա­կոյ­թէն ու մայ­րե­նի լե­զուէն հե­ռու։ Նոյ­նիսկ այս մէ­կը ինք­նին ան­հե­տա­ցում մը կը հա­մա­րուի։ Մա­նուկ Էօ­ղէր ե­լո­յթը ա­ւար­տեց՝ ընդգ­ծե­լով, որ մոմ մը իր լոյ­սէն ո­չինչ կը կորսնց­նէ ու­րիշ մոմ մըն ալ վա­ռե­լով։

Յայ­տագ­րի գե­ղա­րուես­տա­կան բաժ­նին մէջ ար­տա­սա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կան Ե­րազ Պէ­շիկ­թաշ­լեան, Ար­սէն Քնա­րեան եւ Մա­նէ Տէ­միր­ճիօղ­լու։ Վար­ժա­րա­նի ա­շա­կերտ­նե­րը պա­րեր ներ­կա­յա­ցու­ցին՝ Նա­թա­լին Եըլ­մա­զի հսկո­ղու­թեան ներ­քեւ։ Տղա­քը հան­դէս ե­կան նաեւ խմբերգ­նե­րով՝ Յա­կոբ Մա­մի­կո­նեա­նի գլխա­ւո­րու­թեամբ։

Հան­դի­սու­թեան տե­ւո­ղու­թեան ար­տա­յայ­տուե­ցաւ Տ. Թա­թուլ Ծ. Վրդ. Ա­նու­շեան։ Խօսք ա­ռաւ նաեւ Հուն­գա­րիա­յէն հիւ­րա­բար քա­ղաքս գտնուող լե­զուա­բան Պե­նե­տէկ Զիկ­մոնտ, որ կը տի­րա­պե­տէ հա­յե­րէ­նի, որ վառ տպա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց իր ա­ռա­ջին Իս­թան­պուլ այ­ցե­լու­թեան շուրջ։ Ան ը­սաւ, թէ կը ծրագ­րէ Հուն­գա­րիոյ մէջ հա­մալ­սա­րա­նա­կան մա­կար­դա­կով ամ­պիոն մը հաս­տա­տել ա­րեւմ­տա­հա­յե­րէ­նի հա­մար ու տե­ղե­կա­ցուց, թէ այն­տեղ ստեղ­ծած են նաեւ երգ­չա­խումբ մը։

Հան­դի­սու­թիւ­նը ա­ւար­տին հա­սաւ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի խօս­քե­րով եւ Տէ­րու­նա­կան ա­ղօթ­քով։  

Երկուշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2015