ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՇԱԲԱԹԸ ԳԱՏԸԳԻՒՂԻ ՄԷՋ
Այս տարի եւս Գատըգիւղի ընտանիքը, առիթն ունեցաւ մէկտեղուելու Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնակատարութեան խորհուրդին շուրջ։ Թաղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ հովանաւորութեամբ կատարուած հանդիսութիւններով, թէ՛ կըրտ-սեր եւ թէ երէց սերունդի անդամներ հաղորդ դարձան Մշակոյթի շաբթուան փոխանցած պատգամին։
Ս. ԳՐԱՅԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆ
Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, 14 Հոկտեմբեր, Ուրբաթ, միջօրէին, եկեղեցւոյ քարոզիչ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի առաջնորդութեամբ տեղի ունեցաւ ճաշու ժամերգութիւն, որմէ յետոյ ներկայ հաւատացեալներ համախմբուեցան «Պալըքճեան» սրահին մէջ։
Հայր Սուրբը, ներկաներուն բարի գալուստ մաղթելէ յետոյ ըսաւ, թէ աշխատութեան նպատակն էր, հայերէնի մէջ տկար ժողովուրդի անհատներուն եւս ծանօթացնել Թարգմանիչ վարդապետները եւ իրենց ոգին փոխանցել ներկայ հասարակութեան եւս։ Ապա, Թարգմանչաց վարդապետաց ոգիին աղբիւրը հանդիսացող՝ Ս. Աւետարանի կարեւորութիւնը շեշտեց եւ համառօտ տեղեկութիւններ տուաւ, թէ առաջին թարգմանութեան աշխատանքը ինչո՞ւ սկսած էր Աստ-ւածաշունչով՝ փոխանակ ուրիշ գիրքերու։
Հուսկ, թաղի վաստակաւոր ուսուցչուհիներէն Անի Պարոնեան, համառօտ դասախօսութեամբ մը ներկաներուն տեղեկութիւններ փոխանցեց Ս. Սահակ Պարթեւ Հայրապետի եւ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի մասին։ Բանաստեղծութիւններու ընթերցմամբ եւ սիրոյ սեղանով իր աւարտին հասաւ մէկտեղումը։
ՇԱՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑՈՒՄ
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցին, կազմակերպեց շարադրութեան մրցում մը, որուն մասնակցեցան թաղի Արամեան-Ունճեան եւ Սկիւտարի Գալֆաեան վարժարաններու 7-րդ եւ 8-րդ դասարաններէն աշակերտներ։ Պատանիներ, մտածելով իրենց լեզուի, մշակոյթի եւ կամ եկեղեցւոյ մասին՝ դասական շարադրութենէ մը տարբեր ըլլալով, մտերմաբար յայտնեցին իրենց զգացումները։
Մրցումի մէջ աստիճան ստացան հետեւեալ աշակերտները.
Առաջին՝ Ազնիւ Սարրաֆ (Արամեան Ունճեան վարժարան, Է. դասարան), երկրորդ՝ Տիլարա Կեզէր (Գալֆաեան վարժարան, Է. դասարան), երրորդ՝ Սարին Նեւրուզ (Արամեան-Ունճեան վարժարան, Ը. դասարան)։ Յիշատակութեան արժանացան՝ Թապիթա Կէօրիւր (Գալֆաեան վարժարան, Ը. դասարան), Մարալ Ապահունի (Արամեան-Ունճեան վարժարան, Է. դասարան)։ (Սոյն շարադրութիւնները կարդալ՝ թերթիս Ուրբաթ օրուան «Նոր Սերունդ» էջին վրայ)։
ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ՝ ԳԱԼՖԱԵԱՆԻ ՄԷՋ
Գալֆաեան վարժարանի մէջ, Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին առթիւ հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Հոկտեմբերի 21-ին։ Ներկայ եղան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան, տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ, կրթական մշակներ եւ սաներ։ Պատրաստուած կոկիկ եւ հաճելի յայտագրի աւարտին՝ Թամար Ներկիզ շնորհաւորեց ներկաներուն Ս. Թարգմանչաց տօնը եւ շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ կազմակերպած շարադրութեան մրցումին համար։ Ապա, բեմ հրաւիրեց Հայր Սուրբը, որպէսզի յայտարարէ աստիճանակիր աշակերտները։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Գալֆայեանի Տան տնօրէնութեան եւ վաստակաւոր ուսուցիչ Արուսեակ Մրկտիչօղլուին, իրենց մասնակցութեան եւ օժանդակութեան համար։ Այնուհետեւ բեմ հրաւիրուեցան բոլոր մասնակից աշակերտները, որոնք Հայր Սուրբի եւ Տէր Հօր ձեռամբ ստացան վկայագրեր եւ խաչեր։ Ապա, Հայր Սուրբը յայտարարեց, թէ Տիլարա Կեզէր երկորդ հանդիսացած է, իսկ Թապիթա Կէօրիւր արժանի նկատուած՝ յիշատակութեան։
ՄՐՑԱՆԱԿԱԲԱՇԽՈՒԹԻՒՆ ԱՐԱՄԵԱՆԻ ՄԷՋ
Միւս կողմէ, Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ ալ Ս. Թարգմանչաց տօնի առթիւ նոյն օրը յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ հանդիսութիւն մը, որուն եւս ներկայ եղան Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արման Պիւքիւճեան, տնօրէնուհի Թալին Պէրպէրօղլու, կրթական մշակներ, աշակերտներ եւ ծնողներ։ Վարժարանի աշակերտները երգերով, բանաստեղծութիւններով, թատերակներով եւ պարով յիշատակեցին Ս. Թարգմանիչ վարդապետները եւ Մշակոյթի շաբաթը։ Հանդիսութեան աւարտին, Թալին Պէրպէրօղլու անգամ մը եւս յիշեցուց օրուան խորհուրդին իմաստը, շնորհակալութիւն յայտնեց Ս. Թագաւոր Եկեղեցւոյ, մրցումի կազմակերպութեան համար եւ բեմ հրաւիրեց Հայր Սուրբը, որպէսզի յայտարարէ արդիւնքները։
Իր կարգին, Հայր Սուրբը շնորհակալութիւն յայտնեց վարժարանի տնօրէնութեան եւ վաստաւոր ուսուցիչներէն Նաժտա Տեմիրճիօղլուի, փոքրիկ սակայն իմաստալից մրցումի մը օժանդակութեան համար։ Սոյն աշխատութեամբ պատանիներ ցոյց տուին իրենց ըմբռնումները Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի մասին։ Յայտնի եղաւ, թէ աշակերտներ Թարգմանիչ վարդապետները եւ Թարգմանչաց շարժումը շատ տարբեր տեսակետներէ ըմբռնելու եւ զայն շարադրելու փորձառութիւնը ունեցած էին։
Ապա մի առ մի բեմ հրաւիրուեցան մասնակից աշակերտները եւ Տէր Հօր ձեռամբ իրենց յանձնուեցան վկայագրեր եւ խաչեր։ Հայր Սուրբը յայտարարեց, թէ Ազնիւ Սարրաֆ հանդիսացած էր առաջին, Սարին Նեւրուզ՝ երրորդ, իսկ Մարալ Ապահունի արժանացա՝ յիշատակութեան պարգեւի։
ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՒԱՔՈՅԹ
Հանդիսութեան աւարտին, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ քարոզիչ Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, եկեղեցւոյ երէց Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, եկեղեցւոյ տիկնանց կազմի կողմէ պաստրաստուած սիրոյ սեղանին շուրջ հիւրասիրեցին Թալին Պէրպէրօղլուի գլխաւորութեամբ՝ վարժարանի կրթական մշակները։ Ներկայ էին նաեւ Արման Պիւքիւճեան եւ տիկնանց կազմի անդամուհիները։
Քարոզիչ Հայր Սուրբը ողջոյնի խօսքին մէջ յայտնեց, թէ Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց տօնը կը նշուի նաեւ որպէս «Վարդապետներու եւ հայ ուսուցիչներու տօն»։ Այս իմաստով եկեղեցւոյ հոգեւորականները փափաքած էին համախմբուիլ վարժարանի ուսուցչաց կազմին հետ։ Նման մէկտեղումները լաւ առիթներ էին սերտ մթնոլորտի մէջ հաւաքական կեանքի մասին արտայայտուելու համար։ Հայր Սուրբը վարժարանի նախկին սաներէն Տքթ. Իգնա Սարըասլանի վերջերս հրատարակուած գիրքէն «Ժանգոտած կղպանքներով մի՛ մաքառիր, փակ դռներով մի՛ պայքարիր, լուսաւոր հորիզոններու վրայ բացուող նոր դուռ մըն ալ դուն եղիր» տողերը յիշելով՝ ըսաւ. «Հոգեւորականի եւ ուսուցիչի գլխաւոր պարտականութիւնն է նոր հորիզոններ բանալ իրենց յանձնուած աշակերտներուն։ Այս պարտականութիւնը որպէսզի տանելի ըլլայ, կը պահանջուի ապագայի մասին յոյս ունենալ։ Երբ այդ յոյսը կորսնցնել կը սկսինք, կը նշանակէ, թէ ժանգոտած այդ կղպանքները պատրաստ են փակ պահելու մեր ապագան։ Այս առումով նոր հորիզոններու համար պէտք է վառ պահել յոյսը։ Եկեղեցւոյ եւ վարժարանի պարագային ալ այդ յոյսը պիտի ներշնչուի հոգեւորականի եւ ուսուցիչի համագործակցութեամբ»։ Ան յիշեցուց թէ, եկեղեցւոյ եւ դպրոցի տօնն էր Ս. Թարգմանչաց վարդապետաց յիշատակութիւնը եւ կոչ ուղղեց բոլոր ուսուցիչներուն՝ հետեւիլ Ս. Սահակի եւ Ս. Մեսրոպի թողած ուղիին։
Ապա իրենց սրտի խօսքերով հանդէս եկան վարժարանի ուսուցիչները եւ աշակերտներու հետ իրենց ապրած հաճելի փորձառութիւնները բաժնեցին ներկաներուն հետ։ Ուսուցչաց կազմի անդամները եւս իրենց գոհունակութիւնը յայտնեցին սոյն մէկտեղման առթիւ ու շնորհակալութիւն յայտնեցին կազմակերպիչներուն։
ԽՈՀԱՆՈՑԱՅԻՆ ԱՇԽԱՏՈՒԹԻՒՆ
Մշակոյթի շաբթուան առթիւ, Հոկտեմբերի 22-ին, յետ ժամերգութեան, Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ «Պալըքճեան» սրահին մէջ, «Հայու սեղան» ընկերութեան օժանդակութեամբ տեղի ունեցաւ խոհանոցային աշխատութիւն մը։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։ Տիկիններ, ի մի համաքուած, հայկական սեղանի մասին իրենց փորձառութիւնը զարգացուցին։