ՍԻՊԻԼ ՀԱՄԵՐԳԻ ՊԻՏԻ ՄԵԿՆԻ ՊԷՅՐՈՒԹ

Գո­հու­նա­կու­թեամբ վե­րա­հա­սու կ՚ըլ­լանք, թէ հա­մակ­րե­լի մե­ներգ­չու­հի Սի­պիլ յա­ռա­ջի­կայ շա­բաթ հա­մեր­գով մը հան­դէս պի­տի գայ Պէյ­րու­թի մէջ։ Այս ձեռ­նար­կը կազ­մա­կեր­պուած է «Հա­մազ­գա­յին»ի Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ։ Նո­յեմ­բե­րի 4-ին, «Է­միլ Լա­հուտ» կեդ­րո­նին մէջ նա­խա­տե­սուած է Սի­պի­լին հա­մեր­գը, ո­րու ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ըն­թաց­քին ա­նոր պի­տի ըն­կե­րա­նան «Կար­կաչ» ման­կա­պա­տա­նե­կան երգ­չա­խում­բը եւ «Գա­յիա­նէ» պա­րի դպրո­ցի սա­նե­րը։ Պէյ­րու­թի մէջ ար­դէն վա­ճառ­քի հա­նուած են Սի­պի­լի մօ­տա­լուտ հա­մեր­գին տոմ­սե­րը ու կը նա­խա­տե­սուի, որ ձեռ­նար­կը ար­ժա­նա­նայ ե­րաժշ­տա­սէր­նե­րու ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան։

Չորեքշաբթի, Հոկտեմբեր 26, 2016