ՇԻՇԼԻ ՄԱՐԶԱԿՈՒՄԲԸ ԱՅՍ ՏԱՐԻ ՁՄՐԱՆ ԴԱՍԸՆԹԱՑՔՆԵՐ ԿԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԷ 4 ԿԷՏԻ ՎՐԱՅ

Շիշլի մարզակումբի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած եւ 2019-2020 շրջանի ձմրան դասընթացքները արդէն սկսած են եւ առաջին իսկ քայլափոխէն առիթ դարձած՝ աննախընթաց ոգեւորութեան։ Ակումբը այս տարի եւս կը կազմակերպէ վոլէյպոլի, պասքեթպոլի, փինկ-փոնկի եւ ճատրակի դասընթացքներ։ Յամենայնդէպս, շիշլիցիները այս տարի կարեւոր չափով զարգացուցած են այս ձմրան դասընթացքներու ծրագիրը։ Արդարեւ, եթէ մինչեւ անցեալ տարի միայն երկու վայրերու մէջ տեղի կ՚ունենային այդ դասընթացքները, ապա այս տարի արդէն չորս կէտի վրայ այդ աշխատանքը յառաջ կը տարուի շիշլիցիներուն կողմէ։ Թաքսիմի շրջանին մէջ Շիշլի մարզակումբի հաւաքատեղիի երդիքին տակ տեղի կ՚ունենային դասընթացքները։ Իսկ այս տարի շատ մերձակայ վայրի մը մէջ՝ Սենթ-փիւլշերի ֆրանսական լիսէի մարզադահլիճին մէջ եւս տեղի պիտի ունենան ակումբի դասընթացքները։ Այսպէսով, քաղաքի կեդրոնին մէջ արդէն երկու կէտի վրայ շիշլիցիներու ծրագրերը յառաջ պիտի տարուին եւ հնարաւոր պիտի ըլլայ աւելի մեծ թիւով մասնակիցներ ներգրաւել դասընթացքներուն։ Բաց աստի, այս տարուընէ սկսեալ թէ՛ Պաքըրգիւղի եւ թէ Եշիլգիւղի մէջ առանձին դասընթացքներ պիտի կազմակերպուին Շիշլիի կողմէ։

Ձմրան դասընթացքներու կազմակերպման առընթեր, վարչութեան աղբիւրները կը տեղեկացնեն, որ ակումբի զանազան խումբերն ալ նոր եղանակի համար ձեռնարկած են պատրաստութեան։ Անցեալ տարուան գոհացուցիչ արդիւնքներէն վերջ շիշլիցիները յառաջիկայ եղանակին համար ալ ունին դրական սպասումներ։

Մարզական լայնածաւալ աշխատանքին զուգահեռ ակումբի համակիրները կը պատրաստուին նաեւ կեանքի կոչել ընկերային բնոյթով ծրագրեր՝ ըստ վերջին տարիներուն ձեւաւորուած աւանդութիւններուն։  

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019