ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԿՈՄԻՏԱՍ ՎԱՐԴԱՊԵՏԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ ՁՕՆՈՒԱԾ ՁԵՌՆԱՐԿԻ ՄԸ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Պաքըրգիւղի ընտանիքը յառաջիկայ շրջանին պիտի ոգեկոչէ մեծն Կոմիտաս Վարդապետը, որու ծննդեան 150-ամեակի յոբելեանը համազգային շուքով կը նշուի այս տարի։ Նախընթաց օր հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Պաքըրգիւղի ընտանիքէն երկու ներկայացուցիչներ՝ Հերմինէ Պենլիօղլուն եւ Արամ Կոստանեանը, որոնք մեզի բացատրութիւններ տուին այս ծրագրին շուրջ։ Հաճելի զրոյցի ընթացքին անոնք ուրախութիւն յայտնեցին, որ Կոմիտասի յիշատակին ձօնուած ձեռնարկը կը զուգադիպի Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի շրջանին եւ մաս պիտի կազմէ այդ յոբելենական ձեռնարկներու շարքին։

Մեր համայնքէն շարք մը համակրելի արուեստագէտներ մասնակցութիւն պիտի բերեն յայտագրին, որ պիտի գործադրուի երկու անգամ. մին համայնքային վարժարաններու աշակերտութեան, իսկ միւսը՝ գեղարուեստասէր հասարակութեան համար։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 26, 2019