ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խըն­թաց օր հիւ­րըն­կա­լեց Թոփ­գա­բուի Ս. Նի­կո­ղա­յոս ե­կե­ղեց­ւոյ թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րը, ո­րոնց կ՚ու­ղեկ­ցէր նաեւ թա­ղի հո­գե­ւոր հո­վի­ւը՝ Տ. Մի­նաս Քհնյ. Ճի­հան­կիւ­լեան։ Թոփ­գա­բուի ե­կե­ղեց­ւոյ եւ յա­րա­կից Լե­ւոն-Վար­դու­հեան վար­ժա­րա­նին ի նպաստ տա­րե­կան սի­րոյ սե­ղա­նը պի­տի կա­տա­րուի յա­ռա­ջի­կայ Դեկ­տեմ­բե­րի 6-ին։ Այս հանգ­րուա­նին ըն­դա­ռաջ Թոփ­գա­բուի թա­ղա­կան­նե­րը փա­փա­քած էին այ­ցե­լել Գում­գա­բու՝ Նո­րին Սրբազ­նու­թեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցե­լու հա­մար ի­րենց ծա­ւա­լած գոր­ծու­նէու­թեան շուրջ։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը գնա­հա­տեց թոփ­գա­բու­ցի­նե­րուն կող­մէ տա­րուած աշ­խա­տան­քը՝ ա­նոնց յղե­լով իր օրհ­նու­թիւնն ու յա­ջո­ղու­թեան մաղ­թանք­նե­րը։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015