Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՏԱՎՈՒՏՕՂԼՈՒՆ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ շնոր­հա­ւո­րա­կան մը ու­ղար­կեց Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուին՝ Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան իր գլխա­ւո­րու­թեամբ ձե­ւա­ւոր­ման կա­պակ­ցու­թեամբ։ Ան յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին, Կրօ­նա­կան Ժո­ղո­վին եւ մեր ամ­բողջ հա­մայն­քին շնոր­հա­ւո­րած է Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուն եւ այս վերջ­նոյն ան­ձին մէջ բո­լոր նա­խա­րար­նե­րը՝ մաղ­թե­լով եւ ա­ղօ­թե­լով, որ յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուին այն բո­լոր աշ­խա­տանք­նե­րը, ո­րոնք պի­տի տա­րուին մեր երկ­րի զար­գաց­ման, բո­լոր հայ­րե­նա­կից­նե­րու եր­ջան­կու­թեան եւ ան­դոր­րու­թեան հա­մար։

Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դը շնոր­հա­ւո­րա­կա­նին մէջ բարձր գնա­հա­տած է նաեւ Վար­չա­պետ Տա­վու­տօղ­լուին կող­մէ ընտ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ ար­տա­յայ­տուած զգայ­նու­թիւ­նը՝ բո­լոր քա­ղա­քա­ցի­նե­րուն ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան հա­ւա­սար ծա­ռա­յու­թիւն մա­տու­ցե­լու սկզբուն­քով։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան այս կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նած է վար­չա­պե­տին։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015