«ՀԱՅԵՐԸ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ»
Երեւանի մէջ այս շաբաթավերջին կը ներկայացուի մեր համայնքէն արժէքաւոր լուսանկարիչ Նուրհան Աքքայայի գործերը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է «Հայերը Թուրքիոյ մէջ» խորագրեալ այն ցուցահանդէսը, որուն շրջագծով Նուրհան Աքքայայի լուսանկարները դրուած են Հայաստանի գեղարուեստասէրներու տրամադրութեան տակ։ Ծրագրի հովանաւորն է՝ «Առաջին հիփոթէքային» դրամատունը։ Կազմակերպչական աշխատանքները համակարգուած են՝ Սեւան Աթաօղլուի ջանքերով։
Երեւանի «Առնօ Բաբաջանեան» համերգասրահի մուտքասրահի երդիքին տակ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ այս ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումը։ Հաւաքոյթը պատուեց նաեւ Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։ Մինչեւ վաղը բաց պիտի մնայ այս ցուցահանդէսը, որու բացման հաւաքոյթը միեւնոյն ժամանակ ունեցաւ շնորհանդէսի մը բոյթը։ Արդարեւ, ծանօթ է, որ Նուրհան Աքքայա միջոց մը առաջ հրատարակած էր «Հայեր» խորագրեալ ալպոմ-գիրք մը։ Այս վերջինն ալ նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Հայաստանի մէջ ծանօթացուեցաւ զուգահեռաբար։
Ցուցահանդէսի բացման Հրանոյշ Յակոբեան հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով մը։ Ան հանդիսատեսներուն հետ բաժնեց իր տպաւորութիւնները՝ Նուրհան Աքքայայի այն շուրջ վեց տասնեակ լուսանկարներուն մասին, որոնք ներկայացուած են Երեւանի մէջ։ Այս շրջագծով ան մատնանշեց խաչքարերը, եկեղեցիները, գերեզմանատուները, յուշակոթողները՝ Պոլսէն եւ գաւառէն, ինչպէս նաեւ յաջող դիմանկարները։ Նախարարը շեշտեց, որ Նուրհան Աքքայա առաջին անգամ Հայաստան կ՚այցելէ իր գրքի շնորհանդէսի եւ լուսանկարներու ցուցահանդէսի բացման առթիւ։ «Մենք ամէն բան պիտի ընենք Պոլսոյ մէջ ապրող եւ ստեղծագործող մեր տաղանդաւոր հայերը Հայաստանի մէջ ճանաչելի դարձնելու ուղղութեամբ», ըսաւ Հրանոյշ Յակոբեան, որ Նուրհան Աքքայային յանձնեց Սփիւռքի նախարարութեան պատուոյ գիրը։ Նոյն առթիւ պատուոյ գիրեր ստացան նաեւ Սեւան Աթաօղլու եւ ձեռնարկի հովանաւորութեան ղեկավար Դաւիթ Աթանէսեան։
Նուրհան Աքքայայի գործերուն եւ գիրքին վերաբերեալ արտայայտուեցան արուեստաբան Մարինա Ստեփանեան, լուսանկարիչ Վահան Քոչար եւ թրքագէտ Ալեքսանտր Սաֆարեան։
Աւելի վերջ արտայայտուեցաւ Նուրհան Աքքայա, որ ըսաւ. «Ես շատ երջանիկ եմ, որ իմ առաջին ցուցահանդէսը բացուեցաւ Հայաստանի մէջ։ Շնորհակալ եմ Սփիւռքի նախարարութեան՝ իմ երազանքս իրականութիւն դարձուցած ըլլալու համար։ Կ՚ուզեմ իմ ցուցահանդէսներու, լուսանկարած դիմանկարներու միջոցաւ Հայաստանի հասարակութեան ծանօթացնել այն հայերը, որոնք կ՚ապրին Թուրքիոյ տարածքէն ներս, տաղանդաւոր են, բայց մնացած են ստուերի տակ։ Համոզուած եմ, որ այսպիսի միջոցառումները կը հանդիսանան իսկական կամուրջներ հայութեան երկու հատուածներուն միջեւ»։