ԳԱԼՖԱԵԱՆ ՏԱՆ ՍԱՆԵՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑԻՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒՍՈՒՑԻՉՆԵՐԸ

Գալ­ֆաեան Տան սա­նե­րը նա­խըն­թաց օր հան­դէս մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին՝ 24 Նո­յեմ­բե­րի Ու­սուց­չաց օ­րուան առ­թիւ։ Սկիւ­տա­րի սա­նուց միու­թեան հա­ւա­քա­տե­ղիին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ այս ձեռ­նար­կը, ո­րու յայ­տագ­րին շրջագ­ծով տղա­քը հան­դէս ե­կան զա­նա­զան ե­լոյթ­նե­րով։ Ա­նոնք ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րու ար­ժա­նա­ցան ի­րենց յա­ջող կա­տա­րում­նե­րով։

Հան­դէ­սին ներ­կայ էին Քոյր Գա­յիա­նէ Տուլ­քա­տի­րեան, Գալ­ֆաեան Տան խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Տիա­նա Գամ­բա­րո­սեան եւ իր ըն­կեր­նե­րը, վար­ժա­րա­նի հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թա­մար Քա­րա­սու, կրթա­կան մշակ­ներ, ծնող­ներ եւ հիւ­րեր։

Շնոր­հա­ւո­րու­թեան խօս­քով մը հան­դէս ե­կաւ վար­ժա­րա­նի տնօ­րէ­նու­հի Թա­մար Ներ­կիզ, որ ջերմ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց կրթա­կան մշակ­նե­րուն ու գնա­հա­տեց այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան Ու­սուցչաց օ­րուան ծրագ­րին։

Յայ­տագ­րի ա­ւար­տին սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, ո­րու պատ­րաս­տու­թիւն­նե­րը տես­նուած էին տիկ­նանց կազ­մին կող­մէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2016