ՎԱՂԸ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԸՆՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՊԻՏԻ ՇԱՐՈՒՆԱԿՈՒԻՆ ՎԵՑ ԿԷՏԵՐՈՒ ՎՐԱՅ

Համայնքային վաքըֆներու մատակարար մարմիններու ընտրութեան գործընթացը կը շարունակուի։ Վաղը 6 թաղային խորհուրդի պարագային ընտրութիւն պիտի կատարուի համայնքէն ներս։

Վաղուան ընտրութիւնները նախատեսուած են Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանին մէջ։ Մեր համայնքի անդամները վաղը պիտի քուէարկեն՝ Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Նարլըգաբուի Ս. Յովհաննէս, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Բարթողիմէոս, Էյուպի Ս. Աստուածածին Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցիներու թաղային խորհուրդներու կազմերը վերանորոգելու համար։ Բ. ընտրաշրջանի այս եկեղեցիներու ընտրութիւններուն համար քուէատուփեր զետեղուած պիտի ըլլան Ֆէրիգիւղի, Սամաթիոյ եւ Օրթագիւղի եկեղեցիներուն մէջ եւ Գարակէօզեան Տան համալիրէն ներս։

Վաղը ընտրութիւն նախատեսուած թաղերէն միայն Նարլըգաբուի եկեղեցւոյ պարագային մրցակցութիւն յառաջացած է։ Այս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին ղեկը ստանձնելու համար կը մրցին Ոսկէգոյն եւ Կապոյտ ցանկերը։

Մինչեւ տարեվերջ մեր համայնքի բոլոր կառոյցներու մատակարար մարմիններու ընտրութիւնները պէտք է աւարտին։ Անցեալ շաբաթավերջին Իսթանպուլի Գ. ընտրաշրջանի բոլոր ընտրութիւնները աւարտած էին՝ Պաքըրգիւղի եւ Եշիլգիւղի եկեղեցիներու թաղային խորհուրդի կազմերու վերանորոգումով։ Այս շաբաթավերջի ընտրութիւններէն վերջ, յառաջիկայ շաբաթավերջէն սկսեալ քուէարկութիւնները պիտի սկսին նաեւ Իսթանպուլի Ա. ընտրաշրջանի՝ քաղաքի Ասիական ափի մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն համար։

Վաղուան բոլոր ընտրութիւնները կը կազմակերպուին Բ. ընտրաշրջանի համատեղ ընտրական մարմնին կողմէ։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 26, 2022