ՊԱՔԸՐԳԻՒՂՑԻՆԵՐՈՒՆ ԶՈՒԱՐԹ ԱՄԱՆՈՐԸ

Պա­քըր­գիւ­ղի Տա­տեան սա­նուց միու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ շա­բա­թա­վեր­ջին ձեռ­նարկ մը կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ Ա­մա­նո­րի առ­թիւ։ Միու­թեան եր­դի­քին տակ զա­նա­զան դա­սըն­թացք­նե­րու մաս­նա­կից փոք­րիկ­նե­րուն հա­մար նա­խա­տե­սուած խրախ­ճանք մըն էր այս մէ­կը։ Պա­քըր­գիւղ­ցի­նե­րը զուարթ մթնո­լոր­տի մը մէջ կ՚ող­ջու­նեն Ա­մա­նո­րը, մինչ թա­ղե­ցի փոք­րիկ­նե­րուն ա­ռա­ւե­լա­գոյն բա­ժի­նը կը վի­ճա­կի այս շրջա­նին։ Խրախ­ճան­քի ըն­թաց­քին Կա­ղանդ պա­պու­կին բաժ­նած նուէր­նե­րը բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ հա­մա­կե­ցին բո­լո­րը։ Մինչ փոք­րիկ­նե­րը տա­րուած էին նուէր­նե­րու հրա­պոյ­րով, բո­լո­րը ան­կեղծ բա­րե­մաղ­թու­թիւն­ներ փո­խա­նա­կե­ցին՝ որ­պէս­զի Ա­մա­նո­րը ա­ռիթ դառ­նայ դրա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րու։

Միու­թեան վար­չու­թեան ան­դա­մու­հի­նե­րէն Նա­թա­լի Էօզ­քա­յա մաս­նա­ւոր շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ յղեց բո­լո­րին։ Ներ­կայ էին նաեւ նկար­չու­թեան ու­սուց­չու­հի Մաք­րու­հի Քէ­չիեո­լու, նկար­չու­թեան ու­սու­ցիչ Վոլ­քան Եա­րը­ճը եւ պա­րու­սոյց Կա­րի­նէ Մար­տի­կեան։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2016