ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան։ Կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները անցան ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեցին Սարվէն Սրկ. Պըչաքճեան եւ այլ դպիրներ։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան Զուարթնոց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Գէորգ Չաղլըչուպուքճուի։

Տէրունական աղօթքէն առաջ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը տուաւ օրուան պատգամը։ Յաւարտ Ս. Պատարագի տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն եւ կատարուեցաւ մատաղօրհնութիւն։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ, եկեղեցւոյ յարակից սրահին մէջ սարքուեցաւ սիրոյ սեղան՝ նոյնպէս Նորին Ամենապատուութեան գլխաւորութեամբ։ Կէտիկփաշայի եկեղեցւոյ նորընտիր թաղային խորհուրդի ատենապետ Մանուկ Գալայճը եւ իր գործակից ընկերները այս առթիւ շատ ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին բոլոր ներկաները։

Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 26, 2022