ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՍՊԱՍՈՒՄ
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP) 2016 թուականի առաջին ժողովին արձագանգները կը շարունակուին։ Տարեմուտի դրութեամբ գումարուած այս ժողովին ժամանակ օրակարգի վրայ էր համայնքային ընտրութիւններուն հարցը։ Ակնյայտ է, որ երկար ժամանակէ ի վեր այս նիւթը ունի հրատապ նշանակութիւն։ Մեր եկեղեցիներու եւ հաստատութիւններու մատակարար մարմիններուն հերթական ընտրութեան ժամկէտը վաղուց անցած է։ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ջնջած է փոքրամասնութեանց վաքըֆներու ընտրութեան վերաբերեալ կանոնադրութիւնը եւ ձեռնարկած՝ նոր կանոնադրութեան մը պատրաստութեան։ Նկատի ունենալով, որ այդ պատրաստութեան գործընթացը երկարած է չափազանց, գերազանցած է տրամաբանական ժամկէտները, փոքրամասնական համայնքներու շրջանակներէն ներս կ՚ապրուի անհանգստութիւն։ Նոյնը խնդրոյ առարկայ է նաեւ թրքահայ համայնքի պարագային։ VADİP-ի վերջին ժողովի ընթացքին ալ համայնքային վարիչները անդրադարձան այս հիմնախնդրին։ Երկար ժամանակ անցած է թէեւ, սակայն մեր մատակարար մարմիններու կազմերը կարելի չէ եղած վերանորոգել։
VADİP-ի ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչները թէեւ կրկնեցին իրենց անհանգստութիւնը, միեւնոյն ժամանակ ողջունեցին շարք մը դրական լսումներ կամ տուեալներ, որոնք ներկայիս շրջանառութեան մէջ կը գտնուին ու կրնան դուռ բանալ հարցի լուծման։ VADİP-ի համակարգման խորհուրդի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը ժողովականներուն տեղեկացուց, թէ կ՚ակնկալեն յառաջիկայ շրջանին տեսակցութիւն մը ունենալ Փոխ-վարչապետ Եալչըն Աքտողանի հետ, որ նոր կառավարութեան կազմէն ներս ստանձնած է վաքըֆներու պատասխանատուութիւնը որպէս պետական նախարար։ Ներկայիս ժամադրութեան սպասում մը կայ, ինչ որ համայնքային վարիչներուն կողմէ կը համարուի դրական հեռանկար մը։
Հարկ է նշել, որ մօտաւոր անցալին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցած Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ժամանակ, Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսայեան այս նիւթին անդրադարձած էր Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի ներկայութեամբ։ Մարգար Էսայեան տեղեկացուցած էր, թէ Եալչըն Աքտողանի հետ աշխատանք տարած են՝ որպէսզի ան ամբողջական պատկերացում մը կազմէ սոյն խնդրին շուրջ։ Ըստ երեւոյթին, այս գործընթացը հասունացած հունի մէջ կը գտնուի եւ ուրուագծուած է ժամադրութեան մը հորիզոնը։
VADİP-ի ժողովին ընթացքին համայնքային վարիչները որոշ չափով վերապահութիւն յայտնեցին նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան շրջանակներուն կողմէ ներկայացուած պատճառաբանութիւններուն շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, բարձրաստիճան դիւանակալներ զանազան առիթներով, անմիջական զրոյցներու ձեւաչափին մէջ նշած են, թէ թրքահայ համայնքային շրջանակները հասարակաց յայտարար մը չեն կրնար գտնել իրենց ընտրական դրութեան շուրջ, անոնց կողմէ փոխանցուած են մէկէ աւելի կանոնադրութեան տարբերակներ, հետեւաբար, իրենք ալ կը դժուարանան կողմնորոշուելու։ Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիր յայտնեց, թէ սա թէեւ հարց մըն է մեր համայնքին տեսակէտէ, սակայն միւս կողմէ ալ անկարելի է այսպիսի պատճառաբանութեան մը հիման վրայ գործնականօրէն յափշտակել թրքահայ համայնքի ընտրելու-ընտրուելու իրաւունքը։ Հարկ է յիշեցնել, որ Ս. Ծննդեան ընդունելութեան ընթացքին Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ալ արտայայտած էր նման մօտեցում մը։ Ան յայտնած էր, որ յաչս պետական մարմիններու համայնքային անմիաբանութիւնը թէեւ լուրջ հարց մըն է, սակայն պատկան իշխանութիւնները այլեւս պէտք է վերջնականօրէն կողմնորոշուին ու պէտք է ապահովեն ընտրութիւններու չյապաղիլը։
Իր կարգին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուն ալ կրկնեց նախորդ ժողովին ընթացքին արտայայտած կանխատեսումը, ըստ որու համայնքային ընտրութիւնները հաւանաբար տեղի ունենան 2017 թուականին։ Ան, բնականաբար, իր փորձառութեամբ չբացառեց որեւէ վարկած ու խորհուրդ տուաւ հանդարտութեամբ ու համբերութեամբ սպասելու յառաջիկայ իրադարձութիւններուն։
ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱԽՄԲՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ԾՐԱԳԻՐ
VADİP-ի համակարգման խորհուրդը ներկայիս աշխատանքի ձեռնարկած է մեր համայնքէն ներս երիտասարդական մեծ հաւաք մը կազմակերպելու առաջադրութեամբ։ Կը նախատեսուի տասնհինգ երիտասարդներէ բաղկացեալ կարգադիր յանձնախումբ մը ձեւաւորել այս ուղղութեամբ։ Կարդագիր յանձնախումբի կազմին գրեթէ կէսը արդէն ստեղծուած է։ Այս ծրագրին պատասխանատուութիւնը ստանձնած են Յարութիւն Շանլը եւ Սուրբ Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան ատենապետ Թորոս Ալճան։ Հեռանկարը այն է, որ VADİP-ի հովանիին ներքեւ գործէ նաեւ երիտասարդաց յանձնախումբ մը։
Կազմակերպիչները առաջին փուլին պիտի փորձեն հասնիլ համալսարանական մեր երիտասարդներուն, աւելի վերջ ալ նոյն հովանոցին ներքեւ պիտի ներգրաւուին մեր այն երիտասարդները, որոնք նետուած են աշխատանքային կեանքի։ Համայնքային վարիչները մտահոգութեամբ կը դիտարկեն, որ մեր երիտասարդները բաւարար մակարդակով չեն մասնակցիր համայնքային կեանքին, նոյնիսկ մեր վարժարաններու շրջանաւարտները կը փրթին համայնքային կեանքէն։ Երբ կազմակերպուի այդ երիտասարդաց մեծ հաւաքը, այդ շարժման հիման վրայ երիտասարդներուն հետ մշտական շփումը պիտի շարունակուի ու տարին երկու անգամ երիտասարդական մեծ ձեռնարկներ պիտի կազմակերպուին համայնքէն ներս։
VADİP-ի մօտ ընդգծուեցաւ նաեւ, թէ կրթաթոշակներ ալ պէտք է նախատեսուին երիտասարդները համայնքային կեանքին ներգրաւելու նպատակով։