ՂԱԼԱԹԻՈՅ ՆՈՐԸՆՏԻՐ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ՔԱՂԱՔԱՎԱՐԱԿԱՆ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԱՒ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ
Ղալաթիոյ խնամակալութեան նորընտիր ատենապետ Մկրտիչ Արծիւեանի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւն մը երէկ քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Պէյօղլուի քաղաքապետ Հայտար Ալի Եըլտըզին։ Քաղաքապետարան այցելած խումբին մաս կազմեցին նաեւ խնամակալութեան անդամներ, Կեդրոնական վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Յարութիւն Էպէօղլու, ծնողաց միութեան ատենապետուհի Լետա Չիֆթճեան։
Քաղաքավարական այցելութեան ընթացքին Մկրտիչ Արծիւեան եւ Յարութիւն Էպէօղլու քաղաքապետին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ եւ Կեդրոնական վարժարանին մասին։ Անոնք գոհունակութիւն ու երախտագիտութիւն յայտնեցին՝ քանի շուրջ երկու տասնամեակէ ի վեր խնամակալութիւնը դրական շփման մէջ կը գտնուի Պէյօղլուի քաղաքապետարանին հետ եւ այդ համագործակցութեան շնորհիւ հաստատութիւնները քաղաքապետութեան աջակցութեան առարկայ կը դառնան։ Իր կարգին, քաղաքապետ Եըլտըզ նշեց, որ Պէյօղլուէն ներս բոլոր վարժարաններուն եւ կրօնական կառոյցներուն նկատմամբ կը ցուցաբերեն համահաւասար մօտեցում, իսկ աջակցութիւնները ապագային ալ պիտի շարունակուին։
Հուսկ, քաղաքապետ Եըլտըզ ուրախութիւն յայտնեց այս այցելութեան համար ու նշեց, որ ամենակարճ ժամանակի ընթացքին պիտի փոխադարձէ։