ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԱՌԱՋԱՐԿ

Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար փոր­ձա­գի­տու­թիւն­նե­րու կեդ­րոն­նե­րու ցան­ցը մի­ջո­ցէ մը ի վեր ար­դէն ան­մի­ջա­կան ու­շադ­րու­թեան կ՚ար­ժա­նա­նայ թէ՛ հայ­կա­կան շրջա­նակ­նե­րէ ներս եւ թէ մի­ջազ­գա­յին գետ­նի վրայ։ Այս վառ հե­տաքրք­րու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ «Թու­մօ»ի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը ու­շագ­րաւ ա­ռա­ջարկ մը կը ներ­կա­յաց­նեն իս­թան­պու­լա­հայ հա­մայն­քին։ Ար­դա­րեւ, Հա­յաս­տա­նի «Թու­մօ» կեդ­րոն­նե­րու ցան­ցը կը նա­խա­տե­սէ մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տել Իս­թան­պու­լի մէջ։ Սա տա­կա­ւին թէեւ հում գա­ղա­փար մըն է, սա­կայն ու­նի հա­սուն­նա­լու հե­ռան­կար, ինչ որ իս­կա­պէս մեծ նշա­նա­կու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ մեր նոր սե­րուն­դին տե­սա­կէ­տէ։

Հա­յաս­տա­նի մէջ ներ­կա­յիս կը գոր­ծէ «Թու­մօ»ի չորս կեդ­րոն։ Գլխա­ւո­րը՝ Ե­րե­ւա­նի «Թու­մօ»ն է, որ ստեղ­ծուած է չորս տա­րի ա­ռաջ։ «Սի­մո­նեան» կրթա­կան հիմ­նար­կի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին փայ­լուն յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կուած է ու զու­գա­հե­ռա­բար «Թու­մօ» կեդ­րոն­ներ հաս­տա­տուած են նաեւ Կիւմ­րիի, Վա­նա­ձո­րի եւ Ստե­փա­նա­կեր­տի մէջ։ Այս մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րը ու­նի իր ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւ­նը ու միշտ կը խոս­տա­նայ զար­գաց­ման հե­ռան­կար­ներ։ Ար­դա­րեւ, ներ­կա­յիս օ­րա­կար­գի վրայ է Մոս­կուա­յի, Ար­ժան­թի­նի, Ջա­ւախ­քի, Լի­բա­նա­նի մէջ եւս մաս­նա­ճիւ­ղե­րու հաս­տատ­ման հե­ռան­կա­րը։ Հա­յաս­տա­նի մէջ սահ­մա­նա­մերձ Նո­յեմ­բե­րեա­նէն ներս եւս մաս­նա­ճիւ­ղի մը ստեղ­ծուի­լը կը հա­մա­րուի հա­ւա­նա­կան։ Ներ­կա­յիս Հա­յաս­տա­նի չորս «Թու­մօ»նե­րուն ա­շա­կեր­տու­թեան թի­ւը ար­դէն հա­սած է 10 հա­զա­րի սահ­մա­նին։

«Թու­մօ»ի ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Մա­րի Լու Փա­փա­զեան այս օ­րե­րուն կ՚այ­ցե­լէ քա­ղաքս։ Ան հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս շփում­ներ կ՚ու­նե­նայ՝ քննար­կե­լով Իս­թան­պու­լի մէջ «Թու­մօ»ի մաս­նա­ճիւղ մը հաս­տա­տե­լու հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ իս­թան­պու­լա­հայ վար­ժա­րան­նե­րու ա­շա­կերտ­նե­րը հրա­ւի­րե­լով՝ «Թու­մօ»ի կող­մէ ամ­րան ար­ձա­կուր­դի շրջա­նին կազ­մա­կեր­պուած ճամ­բար­նե­րուն։ Մա­րի Լու Փա­փա­զեան ներ­կայ ու­ղե­ւո­րու­թեան շրջագ­ծով այ­ցե­լեց Պատ­րիար­քա­րան եւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նոց։ Գում­գա­բուի մէջ ան հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի կող­մէ։ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ ալ ան տե­սակ­ցե­ցաւ Հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ։

Հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս Մա­րի Լու Փա­փա­զեա­նի հիմ­նա­կան հան­դի­պու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րէկ յետ­մի­ջօ­րէին, Ֆէ­րի­գիւ­ղի «Նա­զար Շի­րի­նօղ­լու» սրա­հին մէջ, ուր հա­մախմ­բուած էին կրթա­կան մշակ­ներ, մեր վար­ժա­րան­նե­րու վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տու­ներ, ա­շա­կերտ­ներ եւ այլ հե­տաքր­քիր հիւ­րեր։ Այս լսա­րա­նին առ­ջեւ Մա­րի Լու Փա­փա­զեան բազ­մա­կող­մա­նիօ­րէն ծա­նօ­թա­ցուց «Թու­մօ» կեդ­րոն­նե­րը եւ նոյն­պէս «Թու­մօ»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած ամ­րան ճամ­բար­նե­րը։ «Գործ­նա­կան հմտու­թիւն­ներ» կար­գա­խօ­սով յա­ռաջ կը տա­րուի այս հսկա­յա­ծա­ւալ աշ­խա­տան­քը։ «Թու­մօ»ի նպա­տակն է Հա­յաս­տա­նի մէջ մրցու­նակ մաս­նա­գէտ­ներ հասց­նել հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով։ 21-րդ դա­րու պայ­ման­նե­րով անհ­րա­ժեշտ այդ հմտու­թիւն­նե­րը զար­գաց­նե­լով նոր սե­րուն­դը կ՚ա­ռաջ­նոր­դուի ստեղ­ծա­գործ աշ­խա­տան­քի։ «Թու­մօ» ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն կը ջամ­բէ ծրագ­րա­ւոր­ման տար­րա­կան գի­տու­թիւն։ Այն ա­շա­կերտ­նե­րը, ո­րոնք կը յա­ճա­խեն «Թու­մօ», նախ կը կազ­մեն ընդ­հա­նուր ծա­նօ­թա­ցում մը, իսկ ա­ւե­լի վերջ կ՚ը­նեն ի­րենց ընտ­րու­թիւ­նը։ Ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն սկզբնա­կան ու­սու­մը կը դրուի լաւ հիմ­քի մը վրայ, որ­պէս­զի ա­պա­գա­յին ա­նոնք ա­մուր խա­րիսխ մը ու­նե­նան շա­րու­նա­կե­լու հա­մար։ Թէ՛ Հա­յաս­տա­նէն եւ թէ ար­տա­սահ­մա­նէն բարձր մա­կար­դա­կով մաս­նա­գէտ­նե­րու հետ շփման, միաս­նա­կան աշ­խա­տան­քի հնա­րա­ւո­րու­թիւն­ներ կ՚ու­նե­նան «Թու­մօ»ի ա­շա­կերտ­նե­րը։ Այդ մաս­նա­գէտ­նե­րը «Թու­մօ»ի ծրագ­րե­րուն կը մաս­նակ­ցին անվ­ճար, կա­մա­ւոր ձե­ւով։ Ար­տա­սահ­մա­նէն հրա­ւի­րուած­նե­րու պա­րա­գա­յին կը դի­մագ­րա­ւուի միայն ճա­նա­պար­հա­ծախսն ու կե­ցու­թիւ­նը։

Մա­րի Լու Փա­փա­զեան ե­րէ­կուան հա­ւա­քոյ­թին ըն­թաց­քին «Թու­մօ»ի ցան­ցի իւ­րա­քան­չիւր կեդ­րո­նին մօտ տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րէն օ­րի­նակ­ներ ներ­կա­յա­ցուց։ Ի լրումն այդ բո­լո­րին, ան անդ­րա­դար­ձաւ այն ձեռ­նարկ­նե­րուն, ո­րոնք «Թու­մօ»ի կող­մէ կը կազ­մա­կեր­պուին ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։ «Թու­մօ» հա­մաշ­խար­հա­յին մա­կար­դա­կով կրթա­կան ծրա­գիր մը կը գոր­ծադ­րէ, դպրո­ցի ա­ռըն­թեր եւ իր միայն չորս տա­րուան ըն­թաց­քին հա­սած մա­կար­դա­կը կ՚ար­ժա­նա­նայ մի­ջազ­գա­յին մե­տիա­յի ու­շադ­րու­թեան։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կ՚ար­ժե­ւո­րուի եր­կու հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թեամբ։ Այդ ուղ­ղու­թիւն­նե­րէն մին է ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն ըն­ձե­ռել ա­զա­տու­թեան մթնո­լորտ մը, իսկ միւս ուղ­ղու­թիւնն է՝ իս­կա­պէս ա­ռա­ւե­լա­պաշտ մօ­տե­ցու­մով մը ար­ժե­ւո­րել ա­նոնց ժա­մա­նա­կը։ Հարկ է նշել, որ «Թու­մօ»է ներս ա­շա­կեր­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան ստեղ­ծա­գոր­ծա­կան ար­տադ­րանք­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նել ա­մե­նաար­դիա­կան թեք­նիկ սար­քա­ւո­րում­նե­րով։

Մա­րի Լու Փա­փա­զեան նշեց, որ ի­րենց փա­փաքն է Իս­թան­պու­լի մէջ եւս ու­նե­նալ մաս­նա­ճիւղ մը։ «Կը կար­ծեմ, որ ճիշդ ժա­մա­նակն է։ Նոր պատ­մու­թիւն ու նոր ա­պա­գայ մը պէտք է կեր­տել այս­տեղ։ Դուք պի­տի ըլ­լաք տէ­րը։ «Թու­մօ»ն կ­՚ամ­բող­ջաց­նէ դպրո­ցը։ Մեր կեդ­րոնն ու դպրո­ցը զի­րար կը փոխլ­րաց­նեն», ը­սաւ ան։

Մի­ջան­կեալ նշենք, թէ Մա­րի Լու Փա­փա­զեան այս նոյն նիւ­թը շօ­շա­փեց նաեւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լուի հետ։ Այս առ­թիւ ան յայտ­նեց, որ Իս­թան­պու­լի մէջ կրնայ հաս­տա­տուիլ նման կեդ­րոն մը, ո­րուն հա­յոց ա­ռըն­թեր կրնան յա­ճա­խել նաեւ տե­ղա­ցի ե­րի­տա­սարդ­ներ, ստի­պո­ղա­կան չ՚ըլ­լար այդ կեդ­րո­նին «Թու­մօ» կո­չուի­լը, սա­կայն ի­րենք պատ­րաս­տա­կամ կ՚ըլ­լան թեք­նիկ կամ մաս­նա­գի­տա­կան ա­մէն տե­սակ ա­ջակ­ցու­թիւն ցու­ցա­բե­րե­լու։

Վե­րա­դառ­նա­լով վե­րո­յի­շեալ հա­ւա­քոյ­թին, Մա­րի Լու Փա­փա­զեան ընդգ­ծեց, թէ «Թու­մօ»ի կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած միակ վճա­րո­վի ծրա­գիրն է ամ­րան ճամ­բա­րը։ Ան կոչ ուղ­ղեց, որ­պէս­զի մեր հա­մայն­քէն մաս­նակ­ցու­թիւն ըլ­լայ այդ ամ­րան ճամ­բա­րին։

Հարկ է նշել, որ «Թու­մօ» կեդ­րոն­նե­րու գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կ՚ըն­թա­նայ նաեւ Հայ­կա­կան բա­րե­գոր­ծա­կան ընդ­հա­նուր միու­թեան (ՀԲԸՄ) զօ­րակ­ցու­թեամբ։ 

ՊՈԼԻՍ ԱՅՑԻ ԱՌԹԻՒ ՊԱՏԱՍԽԱՆ՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-Ի ՀԱՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒՆ

Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-

«Թու­մօ» ստեղ­ծա­րար փորձագիտութիւններու կեդ­րո­նի տնօ­րէն Մա­րի Լու Փա­փա­զեան, որ այս օ­րե­րուն կը գտնուի Իս­թան­պու­լի մէջ, իր ուղեւորութեան ընդառաջ Ե­րե­ւա­նի մէջ պա­տաս­խա­նեց ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի հար­ցում­նե­րուն: Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքերը։

-Ի՞նչ նպա­տա­կով ընտ­րուած է Իս­թան­պու­լը՝ «Թու­մօ»ի ներ­կայ ու յա­ռա­ջի­կայ ծրագ­րե­րը ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար:

-«Թու­մօ»ն ու «Թու­մօ» ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րը իս­թան­պու­լա­հա­յու­թեան ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար Իս­թան­պու­լէն ե­կած էր ա­ռա­ջար­կը, ինչ որ մեզ ո­գե­ւո­րած է բա­ւա­կա­նին, քա­նի որ «Թու­մօ» միշտ ու­րախ է հիւ­րըն­կա­լե­լու հայ ե­րի­տա­սարդ­ներ՝ ամ­բողջ աշ­խար­հէն:

-Ա­շա­կեր­տու­թեան ա­ռու­մով ի՞նչ ակն­կա­լիք­ներ ու­նիք պոլ­սա­հա­յու­թե­նէն:

-«Թու­մօ» ա­մառ­նա­յին ճամ­բա­րի ծրագ­րով է, որ կը ներ­կա­յա­նայ ա­շա­կեր­տու­թեան։ Ճամ­բա­րը մէկ-վեց շա­բաթ տե­ւո­ղու­թիւն ու­նե­ցող ծրա­գիր մըն է, որ կը ներ­կա­յաց­նէ կեդ­րո­նի գործ­նա­կան ու­սում­նա­կան ըն­թաց­քի խտա­ցուած տար­բե­րա­կը ա­նոր հիմ­նա­կան ո­լորտ­նե­րով՝ շար­ժուն պատ­կե­րագ­րու­թիւն (animation) խա­ղե­րու ստեղ­ծում, կայ­քե­րու մշա­կում, ժա­պա­ւէն­նե­րու պատ­րաս­տում եւ այլն:

Այս մէ­կը հե­տաքրք­րա­կան կրթա­կան ճա­նա­պարհ մըն է, որ­մէ անց­նող պա­տա­նի­նե­րը հմտու­թիւն­ներ ձեռք կը բե­րեն ար­հես­տա­գի­տու­թեան եւ ա­րուես­տի աշ­խար­հին մէջ, ինչ­պէս նաեւ կը տես­նեն Հա­յաս­տա­նի ժա­մա­նա­կա­կից ու ո­գե­ւո­րող կող­մը:

Ծրա­գի­րը լի է բազ­մա­տե­սակ ու­սում­նա­ռու­թեամբ ու ժա­ման­ցով: Այս տա­րի ճամ­բա­րի մեկ­նար­կը կու տանք Յու­նի­սի 20-ին ու ծրա­գի­րը կը շա­րու­նա­կուի մին­չեւ Յու­լի­սի 30-ը։

-Եր­կու եր­կիր­նե­րու մի­ջեւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­ցա­կա­յու­թիւ­նը խո­չըն­դոտ չէ՞ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար:

-Կրթու­թիւ­նը, ստեղ­ծա­րա­րու­թիւ­նը եւ նո­րա­գոյն ար­հես­տա­գի­տա­կան մի­ջոց­նե­րը ճիշդ այն ո­լորտ­ներն են, ո­րոնք սահ­ման­ներ չեն ճանչ­նար:

-Ու­նի՞ք ար­դէն հե­տաքր­քրուող շրջա­նակ մը՝ Պո­լի­սէն:

-«Թու­մօ»ն ար­դէն ո­րո­շա­կի ճա­նա­չում ու­նի Պոլ­սոյ մէջ, ինչ որ կը փաս­տէ նաեւ այս այ­ցե­լու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը: Բա­ցի այդ, Իսթանպուլէն շատ այ­ցե­լու­ներ ու­նե­ցած ենք Ե­րե­ւա­նի մեր կեդ­րո­նին մէջ, այդ կար­գին ե­կած են «Հրանդ Տինք» հիմ­նադ­րա­մի կազ­մա­կեր­պած նա­խագ­ծե­րու մաս­նա­կից­նե­րը: Վստահ ենք, որ այս այ­ցե­լու­թե­նէն յե­տոյ պոլ­սա­հա­յե­րու մօտ «Թու­մօ»ի հան­դէպ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի կ՚ընդ­լայ­նուի:

 

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2016