ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ԱՅՑ

Շիշլիի քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ երէկ յետմիջօրէին պատուեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի խմբագրատունը։ Իրեն կ՚ընկերանային իր խորհրդականներէն Սիրան Սուրքի, Սեմիհ Կետիկ Թաքաօղլու եւ Յարութիւն Էրկիւնէշ։ Մեզի համար հաճելի էր Հայրի Ինէօնիւն հիւրընկալել ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Ջերմ զրոյցի ընթացքին քաղաքապետը շնորհաւորեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի 110-ամեակը։

Թերթիս հրատարակութեան տնօրէնուհի Նատիա Գօչունեանի եւ գլխաւոր խմբագիր Արա Գօչունեանի հետ զրուցելու ընթացքին Հայրի Ինէօնիւ հետաքրքրուեցաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ներկայ գործունէութիւնով եւ հեռանկարներով։ Բնականաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ անցեալի վերաբերեալ յիշողութիւններու, որովհետեւ ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթը պատմութեան տեւողութեան լուսաբանած է Հայրի Ինէօնիւի մեծ հօր՝ Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ հանգուցեալ Իսմէթ Ինէօնիւի ղեկավարած տարիներու Թուրքիան։

Անմիջական զրոյցի ընթացքին Հայրի Ինէօնիւ հետաքրքրուեցաւ նաեւ համայնքային առկայ հարցերով, որոնք արձագանգ կը գտնեն հանրային կարծիքին մօտ։ Ան ուշադրութեամբ լսեց մեր մօտեցումներն ու մեկնաբանութիւնները, նաեւ յոյս յայտնեց, թէ համայնքէն ներս ի վերջոյ կը ստեղծուի քոնսենսիւս մը։

Շուրջ ժամ մը տեւեց հանդիպումը, որու աւարտին քաղաքապետ Հայրի Ինէօնիւ խմբագրատունէս հրաժեշտ առաւ՝ թերթիս աշխատանքին համար մաղթելով յաջողութիւն եւ յարատեւութիւն։ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի պատասխանատուներն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին Հայրի Ինէօնիւին այցելութեան եւ իր կողմէ ցուցաբերուած ուշադրութեան համար։

Երեքշաբթի, Փետրուար 27, 2018