ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Երէկ յետմիջօրէին, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան ընդունեց «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ» հեռուստակայանի վարչութենէն Մելիհ Էքէնէրը, Ճիւնէյթ Արըքանը, Իւմիտ Թէյմուրն ու Գրիգոր Տինչքայըքճըն։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատրիարքական Աթոռի «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ» հեռուստակայանի հետ յարաբերութեանց յանձնախումբի անդամները։

Հիւրերը Պատրիարքարան փութացած էին  իրենց գործունէութեանց եւ ծրագիրներուն մասին տեղեկութիւն փոխանցելու եւ գաղափարի փոխանակում ունենալու նպատակաւ։ Հանդիպումը սկսաւ արտասանուած բարեմաղթական աղօթքով։  Առաջին հերթին հեռուստակայանի տնօրէն Մելիհ Էքէնէր շնորհակալութիւն յայտնեց Նորին Ամենապատուութեան, որ իրենց ժամանակ տրամադրած էր ու անոնց հետ պիտի ունենար գաղափարի փոխանակում։ Մինչ այդ, անոնք շնորհակալութիւն յայտնեցին նաեւ մեր Հոգեւոր Պետին, որ քարոզչական նոր հաղորդաշարի մը սկսած էր։ Նախապէս Պատրիարք Հայրը Ս. Աւետարանի ճանաչողութեան մասին կը խօսէր քարոզներ, որոնք փետրուար ամիսէն սկսեալ արդէն իսկ սկսած են սփռուիլ «ՍԱԹ-7»էն։ Հիւրերը յայտնեցին, որ սոյն քարոզչական հաղորդաշարը լաւ անդրադարձ ունեցած է ունկնդիրներու կողմէ։

Ապա Պատրիարքարանի յանձնախումբի անդամներն ալ իրենց գաղափարները բաժնեցին հիւրերուն հետ ու յայտնեցին, որ ապագային նոյն շրջանակներէն ներս այլ անձեր ալ կրնան բերել իրենց ներդրումը։

Մինչ այդ, Պատրիարք Հայրը իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ հեռուսատակայանի վարչութենէն ներկայացուցիչներ փութացած են Պատրիարքարան, որպէսզի Աթոռը իր տեսակէտներն ու գործելաոճը յայտնելու կարելիութիւնը ունենայ երկխօսութեան միջոցաւ։ Պատրիարք Հայրը մաղթեց նաեւ, որ «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ»ի գործունէութիւնը նպաստէ միջեկեղեցական յարաբերութեանց զարգացման։ Պատրիարքական Աթոռի ներդրումի նպատակն է՝ յատկապէս ծանօթացնել Հայ Եկեղեցւոյ մշակոյթն ու հաւատալիքները։

Այցելութեան աւարտին հիւրերը ընծայուած հիւրասիրութեան եւ ընդունելութեան համար շնորհակալութիւն յայտնեցին Պատրիարք Հօր ու հրաժեշտ առին Պատրիարքարանէն։

Հարկ է նշել, որ «ՍԱԹ-7 ԹԻՒՐՔ» հեռուստակայանը Թուրքիոյ առաջին քրիստոնէական կայանն է, որ ներկայիս կը շարունակէ իր գործունէութիւնը։

Շաբաթ, Փետրուար 27, 2021