ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՊԱՔԸՐԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԱՐՏԱՔՍՄԱՆ ԿԻՐԱԿԻԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԻՆ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ նախագահեց Արտաքսման կիրակիի Ս. Պատարագին։
Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեան։ Ս. Պատարագի երգեցողութիւնները կատարուեցան Պաքըրգիւղի Քառասուն Մանկանց դպրաց դաս-երգչախումբին կողմէ։
Յաւարտ Ս. Պատարագի քարոզեց Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը։ Ան անդրադարձաւ մարդուն դրախտէն արտաքսումին, ապա բացատրեց դրախտի կեանքը եւ առաջին մեղքը։ Նորին Ամենապատուութիւնը քարոզին մէջ ըսաւ հետեւեալը. «Աստուած ստեղծեց ամբողջ տիեզերքը եւ բոլորին վրայ դրաւ մարդը՝ երջանիկ ըլլալու ամէն յարմարութեամբ։ Արարչագործութեան մէջ ամէն ինչ իր սահմանը ունի եւ այդ սահմանը կը կոչուի օրէնք։ Եթէ օրէնքը կը յարգուի՝ օրհնութիւն կ՚ըլլայ, հակառակ պարագային՝ անէծք։ Սակայն առաջին մարդը Աստուծոյ օրէնքը թեթեւի առաւ։ Նոյնը կ՚ընենք նաեւ մենք։ Իսկ փրկութիւնը զԱստուած միշտ լուրջի առնելու մէջ է։ Մեղքին արդիւնքը մահ է եւ մարդ պէտք չէ կատակէ Աստուծոյ օրէնքին հետ։ Ինչ որ ցանենք, զայն կը քաղենք։ Բնութիւնն ալ օրէնքներ ունի եւ բնութիւնը Աստուծոյ գեղեցկագոյն ստեղծագործութիւնն է ու տեսակ մը «Սուրբ գիրք» է։ Երկրաշարժի պատճառաւ ալ Աստուծոյ ապստամբիլ խելացութիւն չէ, քանի չեն յարգուած բնութեան օրէնքները։ Եւ երբ մարդ մեղք կը գործէ, Աստուած ալ զայն կ՚արտաքսէ, դուրս կը դնէ դրախտէն։ Մարդ մինչեւ որ հասկնայ դրախտին արժէքը, Աստուծոյ հետ ըլլալու արժէքը, դուրս պիտի մնայ այդ դրախտէն եւ պիտի չկարենայ ճաշակել կեանքի ծառի պտուղէն։ Մարդ աշխարհի վրայ է իր կողմը ընտրելու համար. Աստուծոյ կողմը կամ հակառակ կողմ։ Արտաքսուած սերունդ ենք եւ որոշում տալու հրաւիրուած ենք։ Դուրս մնա՞լ կամ դառնալ Աստուծոյ։ Այս է Արտաքսման կիրակիին իմաստը եւ մեր Եկեղեցին մեզ կը հրաւիրէ դառնալու մեր Աստուծոյ»։