ՊԱՅԾԱՌ ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ
Պոլսահայ եկեղեցասէր շրջանակները երէկ հոգեւոր ուրախութեամբ հետեւեցան Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց պատմական եկեղեցիէն հասած լուրերուն։ Այսպէս, Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան, որ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջին օրերուն պաշտպանած էր վարդապետական թեզը, արդէն ստացաւ իր գաւազանը։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Հայ Եկեղեցւոյ մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններու տուչութեան արարողութիւնը, որուն նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան։ Շիրակի թեմակալ առաջնորդ Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան հայր սուրբին յանձնեց մասնաւոր վարդապետութեան աստիճաներն ու գաւազանը։
«Թարգմանական կրօնական երկերը ԺԸ. դարու պոլսահայ գրատպութեան մէջ» նիւթով թեզը պաշտպանած էր Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան, որու երէկուան գաւազանի տուչութեան արարողութեան ընթացքին խարտաւիլակն էր Գէորգեան հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու գրասենեակի պատասխանատու Տ. Շահէ Ծայրագոյն Վարդապետ Անանեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Դանիէլ Եպսկ. Ֆընտըքեան։ Հանդիսադիր Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեան եկեղեցւոյ չորս կողմերը աւետարանական ընթերցումներով ընծայեալ Յովակիմ հայր սուրբին շնորհեց մասնաւոր վարդապետութեան չորս աստիճաններն ու գաւազանի իշխանութիւնը։ Ան արարողութեան աւարտին հանդէս եկաւ սրտի խօսքով մը, որու ընթացքին ընդգծեց, որ Հայ Եկեղեցւոյ գեղեցիկ աւանդութեամբ հասած էին անոր մեծ վարդապետին՝ Ս. Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին առջեւ։ Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռի առաջարկով եւ Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի օրհնութեամբ մասնաւոր վարդապետութեան գաւազանի իշխանութիւն կը տրուէր Տ. Յովակիմ հայր սուրբին։ Նորին Սրբազնութիւնը դրուատեց ընծայեալին տարիներու ծառայութիւնն ու նուիրուածութիւնը եւ իր ուրախութիւնը յայտնեց, որ ինք եւս դեր ունեցած է այս տուչութեան մէջ։ Ան արեւշատութիւն եւ երկար տարիներու նուիրեալ ծառայութիւն մաղթեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին։
Տուչութեան արարողութենէն վերջ, հոգեւոր հայրերը վերադարձան Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետի ընդունելութեան արժանացան Վեհարանին մէջ։ Նորին Սրբութիւնը ջերմօրէն ողջունեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանը՝ ներկայութեամբ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր, Տ. Միքայէլ Արք. Աջապահեանի եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեանի։ Վեհափառ Հայրապետը այս առթիւ իր հայրական օրհնութիւնն ու շնորհաւորանքները բերաւ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանին՝ վստահութիւն յայտնելով, թէ ան առաւել ջերմեռանդութեամբ ու նախանձախնդրութեամբ կը շարունակէ իր նուիրեալ ծառայութիւնը Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ի նպաստ՝ աջակցելով հայ համայնքի ազգային արժէքներու եւ ինքնութեան պահպանման։ Վեհափառ Հայրապետը գնահատանքով անդրադարձաւ նաեւ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր՝ պոլսահայ հոգեւոր-եկեղեցական կեանքը աշխուժացնելու ուղղեալ գործադրած ջանքերուն եւ կարեւոր ներդրման։ Հուսկ, Նորին Սրբութիւնը վարդապետական ակնակուռ լանջախաչով զարդարեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանի կուրծքը եւ «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց զինքը։
Վեհարանին մէջ Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեանն ալ արտասանեց իր սրտի խօսքը՝ երախտագիտութիւն յայտնելով Վեհափառ Հայրապետին, Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ բոլոր անոնց, որոնք դեր ունեցած էին իր կազմաւորման եւ մինչեւ այս օրերը հասնելուն մէջ։ Ան յիշեց երջանկայիշատակ Եղիշէ Պատրիարք Դուրեանի խօսքը, ուր Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի շիրմին համար կ՚ըսէր, թէ երբեք այնքան վար նայած չէր այնքան վերը տեսնելու համար։ Եւ այդ մեծութեան, մեծ վարդապետի բարոյական ներկայութեամբ գաւազան ստանալու պատուին համար եւս շնորհակալութիւն յայտնեց, փառք տուաւ Աստուծոյ եւ աւելցուց, թէ պիտի ջանայ իր տիրապարգեւ շնորհներուն ներած չափով ծառայել Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ եւ պոլսահայ համայնքին։
Այս բոլորէն վերջ, երէկ ուշ գիշերին Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաժեշտ առաւ Վեհափառ Հայրապետէն՝ շնորհակալութիւն յայտնելով իրեն նկատմամբ ցուցաբերուած ջերմ ընդունելութեան համար։ Լուսածագէն անմիջապէս առաջ Նորին Ամենապատուութիւնը առաջնորդուեցաւ «Զուարթնոց» օդակայան։ Ողջերթ մաղթելու փութացած էին Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, Ռումանիոյ թեմակալ առաջնորդ Տ. Տաթեւ Եպսկ. Յակոբեան եւ Տ. Գարեգին Վրդ. Համբարձումեան։ Նորին Ամենապատուութիւնը Երեւան-Իսթանպուլ ուղիղ թռիչքով վերադարձաւ քաղաքս։ Իսթանպուլի օդակայանին մէջ ան դիմաւորուեցաւ Պատրիարքարանի պաշտօնեաներուն կողմէ եւ առաջնորդուեցաւ իր Աթոռը։