ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՎԱՐԺԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐԵՑ ԻՍԹԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՇԱՐՔ ՄԸ ԿՐԹՕՃԱԽՆԵՐ
Թուրքիոյ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան այս տարուան համագումարը բացառիկ նշանակութիւն ունեցաւ մեր համայնքին տեսակէտէ։ Արդարեւ, երէկ այս շրջագծով պարգեւատրուեցան պոլսահայ խումբ մը վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչները։
«Պէյքէնթ» համալսարանի Թաքսիմի մասնաշէնքի դահլիճին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը, որու օրակարգին վրայ նախատեսուած էր՝ թրքական կրթական համակարգին երկարամեայ ծառայութիւն մատուցած դէմքերու պարգեւատրումը։ Այս ծիրին մէջ է որ մեր շարք մը վարժարաններու հիմնադրի ներկայացուցիչներուն համար պատրաստուած էին շնորհակալագրեր։ Այսպէս, Էսաեան վարժարանի տնօրէնուհի Սաթենիկ Նշան, Գալֆաեան Տան հիմնադրի ներկայացուցիչ Արման Իւթիւճեան, Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Հայկ Ասլանեան, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արսէն Արշըք, Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Աւետիս Հաճընլեան եւ Պէզճեան Մայր վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Սեւան Կիւրիւն փութացած էին ստանալու իրենց վկայականները։ Անոնք այդ շնորհակալագրերը ստացան յանուն իրենց հաստատութիւններուն, որոնք երկար տարիներէ ի վեր կրթական բնագաւառէ ներս գործունէութիւն կը ծաւալեն ու կը համագործակցին նաեւ Թուրքիոյ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան հետ։
Վկայականներ պատրաստուած էին նաեւ Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին, Եշիլգիւղի վարժարանին, Գարակէօզեան Տան, Մխիթարեան վարժարանին, Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին, Սուրբ Խաչ դպրեվանքին համար, որոնց ներկայացուցիչները կը բացակայէին։ Անոնց պարգեւները ստանձնեց Հայկ Նշան, որ ընդհանուր քարտուղարն է Թուրքիոյ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան։ Ան վկայականները աւելի վերջ պիտի փոխանցէ պատկան դպրոցներուն։ Պարգեւատրեալներուն վկայականները յանձնեց Եուսուֆ Թավուքճուօղլու, որ համանախագահն է Թուրքիոյ Մասնաւոր վարժարաններու միութեան։
Հարկ է նշել նաեւ, թէ պոլսահայ վարժարաններուն առընթեր նման վկայականներ պատրաստուած էին նաեւ Թուրքիոյ բազմաթիւ վարժարաններուն համար։
Պոլսահայ վարժարաններու ներկայացուցիչները այս առթիւ միասնաբար նկարահանուեցան որպէս յիշատակ եւ փոխանակեցին շնորհաւորութիւններ։