ՏԱՏԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԻՒՆԸ ԵԼՈՅԹԻ ՀՐԱՒԻՐԵՑ ՍԵՐՄԻԱՆ ՄԻՏԻԱԹԸ

Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան հա­մա­նուն վար­ժա­րա­նի «Տիգ­րան Կիւլ­մէզ­կիլ» հան­դի­սաս­րա­հին մէջ հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ յայտ­նի ա­րուես­տա­գէտ Սեր­միան Մի­տեաթ։ Ան բե­մադ­րեց իր մէկ հո­գի­նոց խա­ղը։ Սրա­հը լե­ցուն էր գե­ղա­րուես­տա­սէր­նե­րով, ո­րոնք ջերմ ծա­փա­հա­րու­թիւն­նե­րով ող­ջու­նե­ցին զին­քը։

Տա­տեան սա­նուց միու­թեան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պե­տու­հի Աս­լին Ուս­տաա­րա­մօղ­լու յու­շա­նուէր մը յանձ­նեց Սեր­միան Մի­տեա­թին։ Թո­րոս Փեհ­լի­վանն ալ ծաղ­կե­փունջ մը յանձ­նեց օ­րուան հիւ­րին։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2017