ՍԱՄԱԹԻՈՅ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՔԷՐՄԷՍ

Ս. Զատկին ընդառաջ, թաղի Սահակեան-Նունեան վարժարանի ի նպաստ կազմակերպուած քէրմէսը մեծ ոգեւորութեան առիթ հանդիսացաւ Սամաթիոյ ընտանիքին տեսակէտէ։ Ծնողաց միութեան կողմէ կազմակերպուած երկօրեայ քէրմէսին բացումը կատարեց Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան։ Քէրմէսը պատուեց նաեւ Ֆաթիհի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տեմիր, որ հաճելի զրոյց ունեցաւ մասնակիցներուն հետ։ Ան ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալուեցաւ Սամաթիոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Եսայի Տեմիրի եւ իր ընկերներուն կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան եւ վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Արէտ Քարապուլութ։

Օգտուելով առիթէն, Սամաթիոյ խորհրդարանին մէջ Մուսթաֆա Տեմիր խորհրդակցութիւն մըն ալ ունեցաւ Ֆաթիհի սահմաններէն ներս գտնուող մեր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն հետ։

Երեքշաբթի, Մարտ 27, 2018