«ՄԱՐԱԼ» ՀԱՄՈՅԹԸ ԱՄԲՈՂՋ ԹԱՓՈՎ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ԵԼՈՅԹԻ

Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» երգի-պարի համոյթը կը պատրաստուի ելոյթի մը, որ նախատեսուած է յառաջիկայ ապրիլի 14-ին։ Երկրաշարժի աղէտեալներուն ի նպաստ նախատեսուած ձեռնարկ մըն է այս մէկը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի մշակոյթի կեդրոնին մէջ։ Ծանօթ է, որ այս կեդրոնը կը գործէ Պէշիկթաշի քաղաքապետութեան հովանաւորութեան ներքեւ։

«Մարալ» ներկայիս այս ելոյթի նախապատրաստական աշխատանքները յառաջ կը տանի թափով։ Այս անգամուան ձեռնարկին առանձնայատկութիւններէն մին պիտի ըլլայ, որ «Մարալ» երգի-պարի համոյթին պիտի միանայ նաեւ յայտնի մեներգչուհի Գարին Պոզքուրթ։ Գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանի վերահսկողութեան ներքեւ «Մարալ»ի ամբողջ ընտանիքը արդէն շարժման անցած է այս ելոյթին պատրաստուելու համար։ Մօտալուտ ելոյթը ունի նաեւ այլ խորքային իմաստ մը «Մարալ»ի բոլոր երիտասարդներուն տեսակէտէ։ Արդարեւ, առաջին ելոյթը, որ յաջորդ ամիս տեղի պիտի ունենայ, երկրաշարժի աղէտեալներու կարիքներու դիմագրաւման նպաստելու նպատակին պիտի ծառայէ։ Նոյն ելոյթը մարալցիները յառաջիկայ ամրան պիտի կրկնեն նաեւ Հայաստանի մէջ՝ Համահայկական խաղերու բացման ընթացքին։

Երէկ, «Մարալ» երգի-պարի համոյթը իրականացուց իր մեծ փորձերէն մին, որու ընթացքին խումբը իր դռները բացաւ նաեւ համայնքային մամուլին։ Այս առթիւ Կարպիս Չափքան եւ Գարին Պոզքուրթ մանրամասն բացատրութիւններ տուին մօտալուտ ձեռնարկներուն կապակցութեամբ։ Գարին Պոզքուրթ մասնաւորապէս շնորհակալութիւն յայտնեց Կարպիս Չափքանին, որ զինքը ընդգրկած էր այս նախագծին։ 

Հարկ է նշել, որ «Մարալ» երգի-պարի համոյթի մօտալուտ ելոյթին ընթացքին բեմին վրայ պիտի գտնուի նաեւ յայտնի երաժիշտ Օրհան Շալլըէլ, որ դաշնակով պիտի նուագակցի յայտագրի ողջ տեւողութեան։

Այժմէն յաջողութիւն կը մաղթենք այս կարեւոր ծրագրին համար։

Երկուշաբթի, Մարտ 27, 2023