ՏԽՐՈՒՆԻ
Թրքահայ կեանքէն ներս վերջին օրերուն ողբերգութեան համազօր իրադարձութիւն մը եղաւ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն՝
ՆԻՔՈԼ ՕՏԱՊԱՇԸԻ
անժամանակ կորուստը։ Ան իր բնակարանին մէջ ցաւալի արկածի մը զոհ գնաց, ինչ որ խոր սուգի մատնեց թէ՛ իր ընտանիքը եւ թէ ամբողջ սիրելիներու շրջանակը։ Նորոգ հանգուցեալ Նիքոլ Օտապաշը փայլուն ապագայ խոստացող երիտասարդուհի մըն էր։ Իր ապրած կարճ կեանքին ընթացքին ան արձանագրած էր զանազան յաջողութիւններ եւ իր ընտանիքին ու սիրելիներուն յոյս կը ներշնչէր, թէ յաջորդելիք փուլերուն վերելք պիտի ունենար կեանքի մէջ, թռիչքներու պիտի հասնէր եւ այսպէսով իր անհատականութիւնը կատարելագործելով պիտի դառնար մեր հաւաքականութեան օրինակելի անձնաւորութիւններէն մին։ Հազար ափսոս, որ Նախախնամութեան տնօրինութիւնը եղաւ այլ ուղղութեամբ եւ սիրելի Նիքոլի երկրաւոր կեանքը տեւեց շատ կարճ։ Այսօր արդէն իր ընտանիքն ու մեր ամբողջ համայնքը կը պատրաստուին ցաւ ի սիրտ հրաժեշտ տալու իրեն եւ իսկապէս անմխիթար վիճակի մէջ կ՚աղօթեն անոր յաւիտենական նենջի հանգստութեան համար։
Այս առթիւ մենք եւս խորազգած վշտակցութիւններ կը յայտնենք լուսահոգի երիտասարդուհիի ընտանիքին եւ բոլոր սիրելիներուն։