ՏԱՍՆ ԿՈՒՍԱՆԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թաքսիմի Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ Աւագ շաբթուան խորհրդաւոր արարողութիւններէն Սրբոց Տասն Կուսանաց յիշատակութիւնը։ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան հանդիսապետեց արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Ասողիկ դպրաց դասուն կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Ուրարակիր Թադէոս Գարափեքմեզի։

Էսաեան վարժարանէն խումբ մը աշակերտուհիներ մասնակցեցան Տասն Կուսանաց յիշատակութեան՝ մինչ հանդիսադիր Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեան խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Հայր սուրբը դպրոցի սաներուն հայրական վերաբերմունք ցուցաբերեց եւ փոխանցեց իր օրհնութիւնները։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Պէյօղլուի սուրբ եկեղեցեաց թաղային խորհուրդէն ներկայացուցիչներ, Էսաեան վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Լենա Ենիեորկան, լիսէի բաժնի տնօրէնուհի Տենչա Չընար, միջնակարգի բաժնի տնօրէնուհի Առլին Եշիլթեփէ, ուսուցչական կազմէն Սեւան Տէյիրմենճեան եւ այլ հաւատացեալներ։

Չորեքշաբթի, Մարտ 27, 2024