ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՈՎԱՆԷՆ ԲԱՌԱՐԱՆ

Ե­րէկ, հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հիմ­նար­կի վար­չու­թե­նէն եր­կու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ՝ Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ Նա­զա­րէթ Պալ։ Հա­ճե­լի զրոյ­ցի ըն­թաց­քին ա­նոնք մե­զի ներ­կա­յա­ցու­ցին Թրքա­հայ ու­սուց­չաց հի­մնար­կի նոր հրա­տա­րա­կու­թիւն­նե­րէն մին։ Այս­պէս, հիմ­նար­կը լոյս ըն­ծա­յած է «Թրքե­րէ­նի հա­յե­րէն ա­սու­թիւն­նե­րու այժ­մէա­կան բա­ռա­րան» խո­րագ­րեալ գործ մը, զոր կազ­մած է Ե­դուարդ Գո­վան։ Հարկ է նշել, որ սա Ե­դուարդ Գո­վա­նի նման բնոյ­թով երկ­րորդ աշ­խա­տու­թիւնն է։ Նա­խա­պէս ալ ան վար­չատն­տե­սա­կան եզ­րե­րու բա­ռա­րան մը հրա­տա­րա­կած էր՝ իր տե­սա­կին մէջ ե­զա­կի գործ մը։ Ե­դուարդ Գո­վա­նի հա­ւա­քած ներ­կայ բա­ռա­րա­նը նա­խոր­դին բաղ­դատ­մամբ ա­ւե­լի ընդ­հա­նուր շրջագ­ծի մը մէջ կը տե­ղա­ւո­րուի։ Ա­ռա­ջին տպա­ւո­րու­թեամբ կա­րե­լի է նշել, որ Ե­դուարդ Գո­վա­նի նա­խորդ բա­ռա­րա­նը ա­ւե­լի կա­տա­րեալ գործ մըն էր իր տե­սա­կին մէջ։ Իսկ այս նոր բա­ռա­րա­նի պա­րա­գա­յին, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, պէտք է ցու­ցա­բե­րել ա­ւե­լի հան­դուր­ժո­ղա­կան մօ­տե­ցում՝ չստո­րագ­նա­հա­տե­լու հա­մար ներդ­րուած վաս­տա­կին ար­ժէ­քը։ Այս բա­ռա­րա­նին ընդ­հան­րա­կան բնոյ­թը ա­նոր վե­րագ­րած է նաեւ յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի են­թա­կա­յա­կան հան­գա­մանք մը։

Ե­րէ­կուան այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Մա­րիամ Տրա­մէ­րեան եւ Նա­զա­րէթ Պալ տե­ղե­կա­ցու­ցին, թէ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն շնոր­հան­դէս մըն ալ պի­տի կազ­մա­կեր­պուի այս գոր­ծին հա­մար։ Այս հա­ւա­քոյ­թը ա­ռիթ պի­տի հան­դի­սա­նայ, որ­պէս­զի բազ­մա­մեայ հա­մայն­քա­յին գոր­ծիչ Ե­դուարդ Գո­վան իր ա­մե­նա­հա­սուն շրջա­նին մե­ծա­րուի հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րուն կող­մէ։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016