ԶԷՔԻԵԱՆ ԳԵՐԱՊԱՅԾԱՌ ԱՅՑԵԼԵՑ ՍԱՄԱԹԻՈՅ ԱՆԱՐԱՏ ՅՂՈՒԹԻՒՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԸ

Թուր­քիոյ Հայ Կա­թո­ղի­կէ Հա­սա­րա­կու­թեան Վի­ճա­կա­ւոր Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան շա­բա­թա­վեր­ջին այ­ցե­լեց Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նը, ուր հիւ­րըն­կա­լուե­ցաւ ջեր­մօ­րէն։ Գե­րա­պայ­ծա­ռին կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Աբ­րա­համ Ծ. Վրդ. Ֆը­րա­տեան։

Այ­ցե­լու­թեան ըն­թաց­քին Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծառ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ Ա­նա­րատ Յղու­թեան միա­բա­նու­թե­նէն Քոյր Ան­րիէ­թի, վար­ժա­րա­նի մա­տա­կա­րար մարմ­նի ա­տե­նա­պետ Տիգ­րան Էօ­տիւ­լի եւ ըն­կեր­նե­րուն, հիմ­նադ­րի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Կա­րա­պետ Մխա­լեա­նի, տնօ­րէն Շա­հին Չը­նա­րի եւ այլ պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րու կող­մէ։ Փոք­րիկ ա­շա­կեր­տի մը կող­մէ դպրո­ցի մուտ­քին ծա­ղիկ մը յանձ­նուե­ցաւ Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռին, որ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ քա­ղեց դպրո­ցի ներ­կայ վի­ճա­կին շուրջ։ Տ. Լե­ւոն Արք. Զէ­քիեան հե­տե­ւե­ցաւ նաեւ Ապ­րի­լի 23-ին Ման­կանց տօ­նին առ­թիւ վար­ժա­րա­նէն ներս կազ­մա­կեր­պուած հան­դէ­սին։ Ան զրու­ցեց նաեւ ու­սուց­չա­կան կազ­մին հետ։

Սա­մա­թիոյ Ա­նա­րատ Յղու­թիւն վար­ժա­րա­նէն ներս շրջայց մըն ալ կա­տա­րեց Զէ­քիեան Գե­րա­պայ­ծա­ռը, ո­րու ի պա­տիւ ճա­շա­սե­ղան մըն ալ սար­քուե­ցաւ եւ ան դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով հրա­ժեշտ ա­ռաւ դպրո­ցէն։ 

Չորեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2016