ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԿԱԶՄԸ ԿԱԶՄԱԿԵՐՊԱԾ Է ԱՄԱՌՆԱՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՄԸ

Նա­խըն­թաց օր հա­ճոյքն ու­նե­ցանք խմբագ­րա­տանս մէջ հիւ­րըն­կա­լե­լու Գա­րա­կէօ­զեան Տան Գնա­լը կղզիի Կազ­դուր­ման կա­յա­նի տիկ­նանց կազ­մէն Լի­զի Չեր­մէ Ճի­վա­նեանն ու Նա­զե­նի Թըր­թը­րը։ Հարկ է նշել, որ ա­տե­նա­պե­տու­հի Մա­թիլ­տա Ֆ­­րա­տօղ­լուի մա­կա­նին ներ­քեւ գոր­ծող այս յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կեր­պած է կա­նա­նց հա­ւա­քոյթ մը, որ տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն։ Մեր հիւ­րե­րը յայտ­նե­ցին, թէ տիկ­նանց յանձ­նա­խում­բը փա­փա­քած է մեր հա­մայն­քէն Կազ­դուր­ման կա­յա­նի հա­մա­կիր­նե­րը հա­մախմ­բել ա­մառ­նա­մու­տի ներ­կայ շրջա­նին։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017