ԴՐԱԿԱՆ ԱՐՁԱԳԱՆԳ

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րէկ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին՝ Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ հրա­պա­րա­կած պատ­գա­մին հա­մար։ Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը մաս­նա­ւոր յայ­տա­րա­րու­թիւ­նով մը ար­ձա­գան­գեց Էր­տո­ղա­նի պատ­գա­մին։ Այս կա­պակ­ցու­թեամբ Գում­գա­բուէն կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թեան թրքե­րէն բնա­գի­րը յա­րա­կից սիւ­նա­կին մէջ ներ­կա­յա­ցուած է նոյ­նու­թեամբ։

Պատ­րիար­քա­րա­նը դրա­կան ար­ձա­գան­գե­լով Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պատ­գա­մին՝ մատ­նան­շած է, որ այդ մէ­կը գո­հու­նա­կու­թեամբ ըն­կա­լուած է մեր հա­մայն­քին կող­մէ։ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ընդգ­ծած է, որ Էր­տո­ղան եր­րորդ ան­գամ մաս­նա­ւոր պատ­գամ մը հրա­պա­րա­կած է Ապ­րի­լի 24-ի առ­թիւ՝ բաժ­-նե­լով թրքա­հա­յու­թեան ցա­ւը։ Նո­րին Սրբազ­նու­թիւ­նը դի­տել տուած է, որ պատ­գա­մը ու­նի մար­դա­սի­րա­կան ա­մուր շեշտ մը։ Ըստ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նի, Էր­տո­ղա­նի կող­մէ հայ հա­մայն­քի ան­դոր­րու­թեան, անվ­տան­գու­թեան ու եր­ջան­կու­թեան նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած մաս­նա­ւոր կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը շատ դրա­կան ար­ձա­գանգ գտած է հա­մայն­քա­յին շրջա­նակ­նե­րէն ներս եւ ըն­կա­լուած՝ մեծ գո­հու­նա­կու­թեամբ։ Մեր երկ­րէն ներս միու­թեան ու միաս­նա­կա­նու­թեան մի­ջա­վայ­րի ամ­րապնդ­ման տե­սա­կէ­տէ՝ այդ պատ­գա­մին մէջ ար­տա­յայ­տուած ղե­կա­վար­ման հաս­կա­ցու­թիւ­նը ու­նի անգ­նա­հա­տե­լի նշա­նա­կու­թիւն։

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի պատ­գա­մի ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րու ի շա­րու­նա­կու­թիւն՝ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան բա­ցատ­րած է, որ Թուր­քիոյ մէջ հայ­կա­կան մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պան­ման ու տե­ւա­կա­նաց­ման հա­մար պե­տու­թեան կող­մէ առ­նուե­լիք քայ­լե­րուն զօ­րակ­ցու­թիւն բե­րե­լը Պատ­րիար­քա­րա­նի կող­մէ կը հա­մա­րուի քա­ղա­քա­ցիա­կան պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւն։

Յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ու մեր հա­մայն­քին, Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն յայտ­նած է Էր­տո­ղա­նին եւ ընդգ­ծած է, որ միշտ կ՚ա­ղօ­թէ մեր պե­տու­թեան ան­սա­սա­նու­թեան հա­մար։

Հինգշաբթի, Ապրիլ 27, 2017