ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՄԱՆ ԾՐԱԳԻՐ

Պալաթի երբեմնի Խորէնեան վարժարանի շէնքը պիտի վերածուի մշակոյթի կեդրոնի։ «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը քանի մը օր առաջ տեղեկութիւններ հաղորդեց այս մասին՝ նշելով, որ շուրջ երեսուն տարիէ ի վեր այդ շէնքը լքուած է իր ճակատագրին։ Երբեմնի վարժարանի շէնքը 1816 թուականին կառուցուած է եւ 1866 թուականէն սկսեալ ծառայած է կրթական նպատակին։ Վերջին անգամ 1994  թուականին ծագած հրդեհէ մը վերջ երբեմնի դպրոցի շէնքը մնացած է անմխիթար վիճակի մէջ։

Շէնքի սեփականութեան իրաւունքը կը պատկանի Պալաթի Ս. Հրեշտակապետ եկեղեցւոյ։

«Հիւրրիյէթ» թերթը լրատուութեան մէջ տեղ տուած է Զեքի Էօճալի յայտարարութիւններուն։ Ան թաղային խորհուրդի անդամ է եւ երբեմնի դպրոցի շէնքի վերանորոգման ծրագրի պատասխանատուն։ Ըստ Զեքի Էօճալի բացատրութիւններուն, Յուշարձաններու բարձրագոյն խորհուրդը արդէն վաւերացուցած է իրենց նախագիծը, որով կը նախատեսուի երբեմնի վարժարանի շէնքը մշակոյթի կեդրոնի մը վերածել։ Ըստ իրեն, վերանորոգութիւնը պիտի փոխէ շրջանի դիմագիծը։ Երբեմնի դպրոցի շէնքին հարեւանութեամբ կը գտնուին սինակոկ մը, եկեղեցի մը եւ մզկիթ մը։ Այդ թաղամասէն ներս ամէն կողմ պատմութիւն կը բուրէ։ «Այդ պատմութիւնը ձեռք ձեռքի ապրեցնելը մեր առաջնահերթ պարտականութիւնն է։ Վերանորոգութեան այս ծրագիրը պիտի նպաստէ առնուազն վեց փողոցի զարգացման», յայտնած է Զեքի Էօճալ։

Երեքշաբթի, Ապրիլ 27, 2021