ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՍԱՆՈՒՑ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ՄԵԾԱՐԱՆՔԻ ՑԵՐԵԿՈՅԹ՝ Ի ՊԱՏԻՒ ԵԴՈՒԱՐԴ ԳՈՎԱՆԻ

Ե­րէկ, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նին մէջ մե­ծա­րան­քի հան­դի­սու­թիւն մը տե­ղի ու­նե­ցաւ ի պա­տիւ հաս­տա­տու­թեան ե­րի­ցա­գոյն սա­նե­րէն Ե­դուարդ Գո­վա­նի, ո­րու պատ­րաս­տած թրքե­րէն-հա­յե­րէն ա­սու­թիւն­նե­րու բա­ռա­րա­նը լոյս տե­սաւ վեր­ջերս։ Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ գտնուե­ցան Մխի­թա­րեան միա­բա­նու­թեան Իս­թան­պու­լի վա­նա­տու­նէն Հայր Սար­գիս Ծ. Վրդ. Էր­մէն եւ Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, օ­րուան մե­ծա­րեա­լի դա­սըն­կեր­նե­րէն աշ­խար­հահռ­չակ լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէր, Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րը եւ բազ­մա­թիւ հիւ­րեր։

Օ­րուան յայ­տա­գի­րը գոր­ծադ­րուե­ցաւ վար­ժա­րա­նի թրքե­րէ­նի ու­սու­ցիչ Տեւ­րիմ Սա­վու­րա­նի հան­դի­սա­վա­րու­թեամբ, մինչ ցու­ցադ­րուե­ցան մե­ծա­րեա­լի կեան­քէն յատ­կան­շա­կան դրուագ­ներ։ Գո­վա­նի կեան­քին ու գոր­ծին շուրջ ար­տա­յայ­տուե­ցան Հայր Յա­կով­բոս Ծ. Վրդ. Չօ­փու­րեան, ելմ­տա­գէտ Պերճ Մեն­զիլ­ճիօղ­լու, գրա­գէտ Սապ­րի Քոզ, գրող Պե­շիր Այ­վա­զօղ­լու, բա­նաս­տեղծ Ա­լի Այ­չիլ եւ բա­նա­սէր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։ Ե­դուարդ Գո­վանն ալ հան­դէս ե­կաւ սրտի խօս­քով մը, ո­րու ըն­թաց­քին շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց ի­րենց նկատ­մամբ ցու­ցա­բե­րուած ե­րախ­տա­գի­տու­թեան հա­մար։

Ձեռ­նար­կի ծրագ­րի գոր­ծադ­րու­թեան ա­ւար­տին դպրո­ցի պար­տէ­զին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը։ Ե­դուարդ Գո­վան այս առ­թիւ ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցաւ դպրո­ցի ա­շա­կերտ­նե­րուն, իր եր­բեմ­նի սա­նե­րուն, Մխի­թա­րեա­նի ըն­տա­նի­քի պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն եւ հիւ­րե­րուն կող­մէ։ Փա­փա­քող­ներ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ու­նե­ցան ա­պա­հո­վե­լու իր պատ­րաս­տած վեր­ջին բա­ռա­րա­նը։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016