ՍԱՀԱԿԵԱՆ-ՆՈՒՆԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԵԳԷԱԿԱՆ

Սա­մա­թիոյ Սա­հա­կեան-Նու­նեան վար­ժա­րա­նի միջ­նա­կար­գի բաժ­նի ա­ւար­տա­կան դա­սա­րա­նի սա­նե­րը վեր­ջերս պտոյտ մը ի­րա­կա­նա­ցու­ցին դէ­պի Ե­գէա­կա­նի շրջա­նը։ Ու­ղե­ւո­րու­թիւ­նը գլխա­ւո­րեց տնօ­րէ­նու­հի Ժա­նէթ Ներ­կիզ, մինչ խում­բին մաս կազ­մե­ցին նաեւ կրթա­կան մշակ­ներ։

Վեր­ջին տա­րի­նե­րուն այս պտոյ­տի ծրա­գի­րը ա­ւան­դա­կան դար­ձած է սա­մա­թիա­ցի­նե­րուն տե­սա­կէ­տէ։ Ե­ռօ­րեայ շրջա­գա­յու­թեան ծրա­գի­րը ընդգր­կեց Ե­գէա­կա­նի շրջա­նի շարք մը յատ­կան­շա­կան վայ­րե­րը՝ Ե­փե­սո­սէն սկսեալ մին­չեւ Քու­շա­տա­սը եւ Շի­րին­ճէ։

Պատ­մամ­շա­կու­թա­յին տե­սար­ժան վայ­րե­րուն ծա­նօ­թա­նա­լէ եւ բնու­թեան գե­ղեց­կու­թիւն­նե­րուն հա­ղորդ դառ­նա­լէ վերջ՝ խում­բը վառ տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րով վե­րա­դար­ձաւ քա­ղաքս։ 

Ուրբաթ, Մայիս 27, 2016