ԱՐԱՄԵԱՆՑԻՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ տօնական օր մը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց հոծ թիւով թաղեցիներ եւ դպրոցի սաներ։ Առաւօտուն Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած կիրակնօրեայ Ս. Պատարագէն վերջ ոգեկոչուեցան դպրոցի հիմնադիրները, բոլոր սատարողները, տնօրէնները, կրթական մշակները եւ սաները, որոնք բաժնուած են անդարձ։

Կէսօրուան ժամերուն արամեանցիները համախմբուեցան դպրոցի պարտէզին մէջ։ Սա արամեանցիներուն տեսակէտէ իսկական տօնախմբութեան մը նշանակութիւնը ունի, որովհետեւ դպրոցը ի շարունակութիւն անցեալի փայլուն օրերուն, այսօր եւս նորանոր նուաճումներ կ՚արձանագրէ եւ անոր առջեւ կ՚ուրուագծուին նոր հորիզոններ։

Բաժակի պահուն բոլոր արամեանցիները բարեմաղթութիւններ ըրին կրթօճախի յարատեւ վերելքին համար։ Հայերէնի ուսուցչուհի Նաժտա Տեմիրճիօղլու տոհմիկ երգերու կատարումներով խոր տպաւորութիւն գործեց բոլորի վրայ։ Բացօթեայ սեղաններուն շուրջ համախմբուած զանազան սերունդներէ սաները ջերմ ծափերով ողջունեցին յոբելեար շրջանաւարտները։ Յայտագրին մասնակցութիւն բերին նաեւ փոքրիկ արամեանցիներ, որոնք ներկայիս իրենց ուսումը կը շարունակեն դպրոցէն ներս։

Հուսկ, գրեթէ ամբողջ օր մը իրարու անմիջականութիւնը վայելելէ վերջ արամեանցիները դպրոցէն հրաժեշտ առին այժմէն ժամադրուելով յաջորդ տարուայ հաւաքին համար։

Երկուշաբթի, Մայիս 27, 2019