ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆ ՏԱՆ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԵՒ «A.101» ՀԱՆՐԱԽԱՆՈՒԹՆԵՐՈՒ ՑԱՆՑԻՆ ՄԻՋԵՒ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ
Կը տեղեկանանք, որ Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան եւ «A.101» հանրախանութներու ցանցին միջեւ ստորագրուած է համաձայնագիր մը, որու նպատակն է նպաստել թրքահայ համայնքի համեստ ընտանիքներու կարիքներու դիմագրաւման։ Այս ծրագրի պարագային խնամակալութեան մեկնակէտը եղած է այն հանգամանքը, թէ Գարակէօզեանը բարենպատակ հաստատութիւն մըն է։ Ուստի, Գարակէօզեան Տան հիմնադրութեան 110-ամեակի յոբելենական ներկայ շրջանին խնամակալութիւնը որոշած է խորհրդանշական նախաձեռնութիւնով մը հանդէս գալ։ Սա, միեւնոյն ժամանակ, կը համարուի վառ վկայութիւն մը ընկերային յանձնառութեան տեսակէտէ։
Ըստ խնամակալութեան եւ հանրախանութներու ցանցի միջեւ գոյացած համաձայնութեան, ամէն ամիս թրքահայ համայնքէն 110 կարիքաւոր ընտանիք կարելիութիւն պիտի ունենայ «A.101» ցանցի խանութներէն գնում ընելու՝ իրեն տրամադրուելիք մասնաւոր քարտերուն միջոցաւ։ Նկատի ունենալով, որ երկրի տնտեսական կեանքը դժուարութիւններու դէմ յանդիման է՝ խնամակալութիւնը կը նախատեսէ այսպէսով մեր համայնքային կեանքէն ներս նպաստել ընդհանուր կայունացման եւ մտահոգութիւններու թօթափման՝ կարիքաւոր անհատներու եւ ընտանիքներու կեանքին նոր շունչ մը բերելով։ Խնամակալութիւնը յանգած է այն եզրակացութեան, որ «A.101» հանրախանութներու ցանցը այս առումով յարմար գործընկեր մըն է։
Ուստի, համապատասխան համաձայնագիրը ստորագրուած է Գարակէօզեան Տան խնամակալութեան ատենապետ Տիգրան Կիւլմէզկիլի կողմէ եւ իր կողքին եղած են խնամակալութեան անդամներէն Հերա Միմարօղլու, Արթին Քիլեճի եւ Յարութիւն Գուրան։