Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ԱԹԷՇԵԱՆ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ ՄԱՐԳԱՐ ԷՍԱԵԱՆԸ

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան շնորհաւորեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։ Շաբաթավերջի ընտրութիւններուն Մարգար Էսաեան երեսփոխանական թեկնածու առաջադրուած էր ԱՔ կուսակցութեան կողմէ՝ Իսթանպուլի Բ. ընտրաշրջանէն։ Բաւական հայաբնակ այդ ընտրաշրջանէն ներս Մարգար Էսաեան հասաւ յաջողութեան եւ վերընտրուեցաւ երեսփոխան։ Ի շարունակութիւն անցեալ շրջանի գործունէութեան՝ ան յառաջիկայ շրջանին ալ պիտի շարունակէ պաշտօնավարել երեսփոխանի հանգամանքով եւ խորհրդարանի երդիքին տակ պիտի գտնուի՝ Թուրքիոյ մէջ հաստատուած պետական կառավարման նոր համակարգի առաջին քայլափոխին։

Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդը վերընտրեալ երեսփոխանին փոխանցեց իր օրհնութիւններն ու շնորհաւորութեան մաղթանքը։ Իր կարգին, Մարգար Էսաեանն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց նորին սրբազնութեան։

Հարկ է յիշեցնել, որ ընտրութիւններէն առաջ Մարգար Էսաեան այցելած էր Պատրիարքարան եւ ստացած՝ Տ. Արամ Արք. Աթէշեանի օրհնութիւնը։

Չորեքշաբթի, Յունիս 27, 2018