ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻՆ ՄԷՋ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Եշիլգիւղի վարժարանի այս տարուան շրջանաւարտներուն համար անցեալ շաբթուան մէջ կազմակերպուեցաւ հրաժեշտի հանդիպում մը։ Դպրոցի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանաւարտութեան հանդէսը, որու ընթացքին ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Ներկայ էին Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հապիպ Էօզֆուրունճու եւ իր գործակից ընկերները, վարժարանի հիմնադրի ներկայացուցիչ Էրօլ Արա Չընար, ուսուցչաց կազմը, թաղի յարակից մարմիններէն ներկայացուցիչներ, շրջանաւարտներու ընտանիքները եւ հիւրեր։

Այս տարուան 25 շրջանաւարտները հանդէսի սկիզբին ջերմ ծափահարութիւններով բեմ  բարձրացան։ Անոնց ուղղեալ շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ դպրոցի տնօրէն Մելիքճան Զաման։ Յաջողագոյն շրջանաւարտներու շարքին էին Սեւան Տաղլեան, Լարա Պըչաքճը, որոնց համար վերապահուած էին պարգեւներ։ Բոլոր շրջանաւարտները ստացան խորհրդանշական վկայականներ եւ յուշանուէրներ՝ Եշիլգիւղի թաղային խորհուրդին, վարժարանի ծնողաց միութեան, սանուց միութեան եւ նախկին տնօրէնուհի Անի Երամեանի կողմէ։ Շրջանաւարտներն ալ ներկաներուն հետ բաժնեցին աշակերտութեան շրջանի իրենց յուշերը։ Յայտագրի տեւողութեան տղաքը հանդէս եկան նաեւ հայերէն երգերու կատարումներով։

Բացօթեայ ընդունելութեան տեւողութեան ջերմ մթնոլորտը շարունակուեցաւ, մինչ տղաքը հատեցին իրենց համար պատրաստուած կարկանդակը։ Բոլորը շրջանաւարտներուն յաջողութիւն մաղթեցին ապագայ կրթական կեանքի համար։

Հինգշաբթի, Յունիս 27, 2019