ՀԱՅԵՐԷՆ ԲԱՌԱԽԱՂ
Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանի հիմնադրութեան 50-ամեայ յոբելեանին ձօնուած գործունէութիւններու շարքը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Այս փուլը որպէս եզակի յոբելեան կը նշուի համայնքային կեանքէն ներս՝ նկատի ունենալով հաստատութեան ուրոյն առաքելութիւնը։ Անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած եղանակի պաշտօնական բացման հանդիսութիւններէն վերջ, այս շաբաթավերջին ալ նախատեսուած է յոբելենական շրջանի կարեւորագոյն ձեռնարկներէն մին։ Սա հայերէն բառ-խաղն է կամ բառախաղը՝ այսինքն նշանաւոր «սքրապլ»ին հայերէն տարբերակը։ Հարկ է նշել, որ Կազդուրման կայանի 50-ամեակի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ՝ միջվարժարանային մրցոյթի մը ձեւաչափով կազմակերպուած այս ձեռնարկին նկատմամբ։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու կարգադիր յանձնախումբի ատենապետուհի Նաժտա Շատեանն ու այս նախագծի համակարգող Սօնա Մենթեշէն, որոնք փութացած էին մեզի մանրամասն ներկայացնել այս աշխատանքը։ Ծանօթ է, որ Նաժտա Շատեան վերջին ամիսներուն մեծ եռանդ կը ներդնէ՝ որպէսզի իր գլխաւորած կարգադիր յանձնախումբին աշխատանքով լաւագոյնս արժեւորուի Կազդուրման կայանի յիսնամեակը եւ յոբելեանը առիթ հանդիսանայ մեր համայնքի բոլոր խաւերու պատկերացումներուն մէջ անոր կենսական դերակատարութեան բիւրեղացման։ Իսկ Սօնա Մենթեշէ, որ մեր ընկերամշակութային կեանքի մղիչ ուժերէն մին է, ստանձնած է ծրագրին ընդհանուր պատասխանատուութիւնը՝ յղացած ըլլալով նաեւ անոր կազմակերպման գաղափարը։
Երէկուան հաճելի զրոյցին ընթացքին Նաժտա Շատեան եւ Սօնա Մենթեշէ յայտնեցին, որ իրենց հիմնական նպատակներու շարքին է՝ Կազդուրման կայանէն ներս խրախուսել հայերէնի գործածութիւնը, իսկ այս բառախաղը ամբողջութեամբ կը ծառայէ այդ նպատակին։ Կազդուրման կայանի յոբելեանին առիթով առաջին անգամ կեանքի կը կոչուի նման ծրագիր մը եւ իրենք յոյս ունին՝ որ ապագային նման ձեռնարկներ տարածում կրնան գտնել մեր վարժարաններէն ներս։
Հայերէն բառախաղի մրցոյթին մասնակցութիւն պիտի բերեն մեր տասը վարժարաններէն չորսական հոգիէ բաղկացեալ աշակերտական խումբեր։ Ընդհանուրին մէջ քառասուն աշակերտ հայերէն բառամթերքի շուրջ պիտի չափէ իր գիտելիքները՝ հասակակիցներուն հետ։ Անոնք իրենց գիտելիքները փորձաքարի պիտի ենթարկեն՝ ուսուցիչներու եւ դատակազմի անդամներու ներկայութեամբ։
Ըստ Շատեանի եւ Մենթեշէի բացատրութիւններուն, մեր դպրոցներուն մէջ արդէն երկար ժամանակէ ի վեր տղաքը կը խաղան թրքերէն եւ անգլերէն բառախաղ, կը կազմակերպուին նաեւ մրցոյթներ։ Հիմա, ուրեմն, ի շարունակութիւն անոնց վրայ կ՚աւելնայ հայերէնը։ Հայերէնի պարագային «սքրապլ»ի ծանօթ պայմաններուն մէջ կատարուած են փոփոխութիւններ։ Հիմնական տարբերութիւնը այն է, որ տղաքը պիտի կարենան խաղալ բառարանի օգտագործմամբ։ Սովորաբար, այս խաղը անհատական է, սակայն այս պարագային երեք աշակերտներէ բաղկացեալ խումբեր պիտի մրցին։ Կազմակերպիչները այս հանգամանքը հաշուի առնելով՝ խաղատախտակի նոր չափեր ճշդած են։ Իւրաքանչիւր մրցումի համար սահմանուած է երկու ժամուան ժամկէտ մը։ Ընդհանուր մրցոյթին ծրագիրը պիտի գործադրուի երկու փուլով։ Առաջին հերթին բոլորը պիտի խաղան, իսկ երկրորդ՝ աւարտական փուլին յաջողագոյնները հանդէս պիտի գան դառնալու համար դափնեկիր։
Կարգադիր յանձնախումբը շատ բծախնդիր նախապատրաստական աշխատանք մը տարած է այս մրցոյթին համար՝ հաշուի առնելով բոլոր մանրամասնութիւնները։ Արհեստավարժ ու կատարելապաշտ մօտեցումով մը յառաջ տարուած է ամէն ինչ։ Տղոց համար պատրաստուած են մասնաւոր տարազներ, մասնակցութեան վկայականներ, մրցանակներ, եւ այլն։ Բառախաղին ողջ ընթացքը պիտի հեռարձակուի «Հեռատեսիլ» կայքէջին միջոցաւ։ Առաջին, երկրորդ եւ երրորդ տեղերուն համար նախատեսուած է չորսական մրցանակ։ Հարկ է նշել, որ թիւով տասներկու այդ դափնեկիրները պիտի պարգեւատրուին Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին կողմէ։
Նաժտա Շատեան եւ Սօնա Մենթեշէ յիշեցուցին, որ Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական համայնքներու բաժինը արդէն վերջին տարիներուն հայերէն «սքրապլ»ներ տրամադրած է սփիւռքեան բազմաթիւ կրթական հաստատութիւններու, ներառեալ պոլսահայ վարժարանները։ Այդ բոլորը, իրենց հերթին, եղած են նախանիւթ, որպէսզի տղաքը կարենան պատրաստուիլ մրցոյթին եւ հասուննայ այս ծրագիրը։ Մեր հիւրերը մատնանշեցին, որ տղաքը խաղի միջոցաւ պիտի ներթափանցեն լեզուին, ինչ որ առաւելութիւն մը կը համարուի հրապոյրի առումով։ Թէեւ այս առաջին մրցոյթը Կազդուրման կայանի յոբելեանին առթիւ կը կազմակերպուի, սակայն հիւրերը մեզի յայտնեցին՝ թէ իրենց փափաքն է այս ծրագրին շարունակականութեան ապահովուիլը։ Արդարեւ, յառաջիկայ տարիներուն կրնայ տեւականացուիլ սոյն նախագիծը։ Այս տարի միայն միջնակարգի տղաքը կը մասնակցին ձեռնարկին, բայց յաջորդ տարի կրնան ընդգրկուիլ նաեւ լիսէականները։ Աւելի՛ն, տարբեր տարիքային դասաւորումէ մարդիկ եւս կրնան հետաքրքրուիլ հայերէն բառախաղով մը։ Կազդուրման կայանէն ներս աւելի անմիջական զբաղմունքի մը կրնայ վերածուիլ այս մէկը։ Ապագային նոր դասաւորումներ կրնան աւելնալ՝ բառարանով կամ առանց բառարանի մասնակցութեան նախընտրութեամբ։ Նոյնիսկ, ձմրան մեր սանուց միութիւններու երդիքին տակ կրնան շարունակուիլ նման բառախաղեր։ Այսինքն, մեկնարկային այս քայլէն վերջ կարելի է նոր հորիզոններու բացուիլ եւ զարգացնել այս հետաքրքրական նախագիծը։
Ուրեմն՝ այս Շաբաթ կայանալիք մրցոյթին մեծ յոյսով կը սպասեն կազմակերպիչները, որոնք խանդավառուած են նոր սերունդին համար հայերէնի հետ շփման յաւելեալ հնարաւորութիւն մը ընձեռած ըլլալու բերումով։ Անոնք կ՚ակնկալեն, որ իրենց ջանքերը պսակուին յաջողութեամբ եւ այս մրցոյթը ստեղծէ լայն արձագանգ։
Կազդուրման կայանի յոբելենական կարգադիր յանձնախումբին մաս կը կազմեն՝ Նաժտա Շատեան, Սօնա Մենթեշէ, Ժագլին Էրմէն, Ովսաննա Քալենտէր, Թամար Քարասու, Սելին Սեհերեըլտըզը, Նաթալի Յովհաննէսեան եւ ի պաշտօնէ՝ տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ: