ԴԱՐՁԵԱԼ ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐ

Պատրիարքական Աթոռի՝ յաչս պաշտօնական մարմիններու եւ դրամատուներու լիազօրութիւններու, ստորագրութեան իրաւունքի հարցին շուրջ ստեղծուած է ուշագրաւ վիճակ մը։ Ըստ երեւոյթին, ներկայ փոխանցման կամ անցումային շրջանին այս տեսակէտէ կը յառաջանան բարդութիւններ կամ դժուարութիւններ, որոնց յաղթահարման համար կը տարուի աշխատանք։ Գումգաբուի աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցած է Եկեղեցական համագումար։ Ծանօթ է, որ Եկեղեցական համագումարը վերջին շրջանին յաճախակի ժողովներ կ՚իրականացնէ եւ այդ շղթային վրայ երէկ աւելցած է նոր օղակ մը։ Հերթական համագումարի արդիւնքով վերահաստատուած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի ստորագրութեան իրաւունքը։ Այս նիւթին վերաբերեալ հրապարակուած պաշտօնական զեկոյցը նոյնութեամբ ներկայացուած է մեր յարակից սիւնակին մէջ։ Եկեղեցական համագումար ժողովի արդիւնքին հիման վրայ՝ Պատրիարքարանի աղբիւրները տեղեկացուցած են, որ այսուհետեւ միայն տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան կը կրէ ստորագրութեան լիազօրութիւնը յաչս պաշտօնական մարմիններու եւ դրամատուներու։

Ինչպէս ծանօթ է, տեղապահ սրբազան հայրը շուրջ շաբաթ մը բացակայեցաւ քաղաքէս՝ այցելելով Հայաստան։ Վերադարձին ան միայն երկու օր մնաց Իսթանպուլի մէջ եւ այս առաւօտ ուղեւորուեցաւ Մարսէյլ, ուրկէ ալ պիտի մեկնի Քէօլն։ Իր վերադարձը նախատեսուած է Օգոստոսի 8-ի երեկոյեան։ Այսինքն, վերջին օրերուն նորին սրբազնութիւնը միայն երկու օրուան միջանկեալ կեցութիւն մը ունեցաւ քաղաքիս մէջ եւ այդ միջանկեալ կեցութեան օրերուն ալ անմիջապէս կազմակերպուած է Եկեղեցական համագումարի ժողով մը։ Ըստ երեւոյթին, այս առումով հրատապ կարիքներ յառաջացած էին, որ փութով Եկեղեցական համագումարը իրականացուց ժողով մը՝ լուծելու համար ստորագրութեան իրաւունքի վերահաստատման հար-ցը։ Հաւանական է, որ յառաջիկայ օրերուն այս նիւթին տեսակէտէ ըլլան նոր իրադարձութիւններ եւ յայտնի դառնան յաւելեալ մանրամասնութիւններ։

Միւս կողմէ, Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոց, ընկերակցութեամբ Կրօնական Ժողովի Ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի, Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի եւ Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը այց մը տուաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց աւագերէց Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեանի, որ կը գտնուի բժշկական խնամքի տակ։ Հաշուի առնելով, որ Տ. Միւռոն Ա. Քհնյ. Այվազեան քահանայից դասու երիցագոյն անդամն է, նաեւ մաս կը կազմէ կրօնական ժողովին՝ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան մաղթեց արագ ապաքինում եւ առողջութիւն, յանուն հոգեւորականաց դասուն։ Տէր Հայրն ալ շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն հայրական այցելութեան համար։

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017