ՍԽԱԼ ՀԱՇՈՒԱՐԿ

Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու կը շարունակէ ահազանգ հնչեցնել Պէյքոզի գործարքին շուրջ։ Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեանի նախագահութեամբ Պատրիարքարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցած էր այս նիւթին շուրջ հաւաքոյթ մը, որուն հրաւիրուած էին նաեւ համայնքային մամուլի ներկայացուցիչները։ Ժողովին ներկայ գտնուած էին Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները եւ մեր այն ազգայինները, որոնք խորհրդատու յանձնախումբի մը կարգավիճակով յառաջիկայ շրջանին պիտի գործակցին թաղային խորհուրդին հետ՝ պետութեան կողմէ Պէյքոզին փոխանցուած գումարներու տնօրինման եւ արժեւորման համար։ Այդ յանձնախումբը միեւնոյն ժամանակ խորհուրդներ պիտի տայ՝ Պէյքոզի երբեմնի գերեզմանատան ազգապատկան տարածքի արժեւորման ուղղեալ ապագայ գործարքներուն ժամանակ՝ քանի որ, ըստ թաղային խորհուրդին, վերահսկողութիւնը միշտ պիտի վիճակի Պէյքոզի եկեղեցւոյ։

Պատրիարքարանի սոյն հաւաքոյթի ընթացքին մեր համայնքին մատուցուած տուեալներուն լոյսին տակ, ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու յայտարարեց, որ սխալ հաշուարկներ եղած են եւ նոյնպէս սխալ հաշուեկշիռ մը կը ներկայացուի մեր համայնքին։ «Պէյքոզի համար փոխանցուած գումարներու պարագային մեր համայնքը ունի լուրջ կորուստներ», ըսաւ Պետրոս Շիրինօղլու։

Ինչպէս ծանօթ է, Պէյքոզի թաղային խորհուրդը սկզբնական շրջանին Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան հետ համաձայնութիւն մը ունէր՝ նախկին գե-րեզմանատան համայնքապատկան կալուածի վերաբերեալ գործարքներուն համար։ Գործընթացի վերահսկողութեան ամբողջ պատասխանատուութիւնը յանձնուած էր Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան եւ ամէն ինչ յառաջ կը տարուէր բծախնդրութեամբ, հեռատեսութեամբ, նաեւ հաշուի առնելով մեր համայնքի կարիքներն ու հրապարակի իրողութիւնները։ Տակաւին այդ փուլէն սկսեալ հիւանդանոցի հոգաբարձութիւնը խորաթափանց տեղեակ եղած է այս նիւթի բոլոր ծալքերուն։ Ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու քաջատեղեակ է թղթածրարի բոլոր մանրամասնութիւններուն։ Մինչեւ վերջերս, նոյնիսկ Պէյքոզի թաղային խորհուրդի հետ կնքուած համաձայնութեան յետսկոչուելէն վերջ, հոգաբարձութիւնը հետամուտ եղած է այս խնդրին, չէ զլացած իր նեցուկը։ Հոգաբարձութեան փոխ-ատենապետ Հերման Պալեան եւս մօտէն զբաղած է բոլոր իրադարձութիւններով, անմիջական շփում ունեցած է դերակատարներուն հետ։

Այս բոլորէն վերջ Պետրոս Շիրինօղլու խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ, որ մեր համայնքը ունեցած է լուրջ կորուստներ։ Ըստ Շիրինօղլուի, Ազգային կրթութեան նախարարութեան կողմէ որպէս հատուցում՝ Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ դրամատան հաշիւին փոխանցուած է շուրջ 26 միլիոն թրքական լիրա։ Հաւանական է, որ քիչ մըն ալ աւելի եղած ըլլայ այդ գումարը։ Իր խօսքերով, 50-100 միլիոն լիրայի մակարդակով գործարքներու պարագային փաստաբանական մասնավճարները հրապարակի պայմաններով կրնան ըլլալ առ առաւելն 7 տոկոս։ Իսկ Պէյքոզի պարագային, ըստ պատասխանատուներու բացատրութեան այդ համեմատութիւնը կազմած է կրկնապատիկը՝ 14 տոկոս։ Աւելի՛ն, այդ 14 տոկոսի հաշուարկն ալ եղած է սխալ։ Արդարեւ, միջին հաշուով 26 միլիոն լիրայի 14 տոկոսը կը կազմէ 3 միլիոն 640 հազար լիրա։ Այս գումարին 20 տոկոսը (շուրջ 720 հազար լիրա) փաստաբանին միջոցաւ պէտք է յատկացուէր զանազան տուրքերու համար (սթոփաժ, եւայլն)։ Մնացեալ 2 միլիոն 912 հազար լիրան պէտք է մնար փաստաբանին։ Ստացական տալու համար փաստաբանը այդ գումարին վրայ պիտի աւելցնէր 18 տոկոս աւելացուած արժէքի հարկ (KDV) եւ փաստաբանին մասնավճարը պիտի կազմէր շուրջ 3 միլիոն 454 հազար 160 լիրա։ Որպէս հատուցում պետութենէն հասած շուրջ 26 միլիոն լիրայէն փաստաբանին բաժին ինկած այդ գումարը դուրս թողելէ վերջ Պէյքոզի եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին՝ այսինքն մեր համայնքին մնացած պէտք է ըլլար շուրջ 22 միլիոն 546 հազար լիրա։ Մինչդեռ, ներկայիս շուրջ 20 միլիոն 620 հազար լիրա գոյութիւն ունի Պէյքոզի թաղային խորհուրդի դրամատան հաշիւին վրայ։ Այսինքն, Պետրոս Շիրինօղլու կը մատնանշէ, որ մեր համայնքը շուրջ 2 միլիոն լիրայով տուժած է այս գործարքին մէջ եւ այս սխալները պէտք չէ կրկնուին ապագային՝ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութենէն ակնկալուած հատուցման ժամանակ։

ԺԱՄԱՆԱԿ-ին յայտարարութիւններ ընելով՝ Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ նաեւ այլ վարկածի մը մասին։ Այդ վարկածը համայնքային շրջանակներէն ներս արձագանգ գտած կարգ մը լսումներէ ծնունդ առած է։ Արդարեւ, սոյն գործին հետամուտ փաստաբան Ալի Էլպէյօղլու Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկի հիմնադրութեան շրջանին որպէս երաշխիք ու դրամագլուխ ցոյց տուած է իր սեփական կալուածներէն մին։ Ուստի, փաստաբանին հետ համաձայնութիւնը այս պայմաններով կնքուած կրնայ ըլլալ՝ ժամանակի ընթացքին կամ գործընթացի տեւողութեան իր կալուածի փոխարժէքի հատուցման համար։ Շիրինօղլու մեզի յայտնեց, որ համայնքը ծայր աստիճան նախանձախնդիր պէտք է ըլլայ այս գործարքի թափանցիկութեան առումով, այլապէս կրնան այլ խնդիրներ ծագիլ։ Ի վերջոյ, այս ամբողջ գործը կը հետաքրքրէ նաեւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութիւնը ու մեր համայնքին կրնայ սպառնալ՝ այդ գումարի արժեւորման ճանապարհին սահմանափակումներու հաստատման վտանգը։

Հինգշաբթի, Յուլիս 27, 2017