ԿԱԶԴՈՒՐՄԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ԲԱՌԱԽԱՂ

Գարակէօզեան Տան Գնալը կղզիի Կազդուրման կայանին մէջ երէկ խանդավառ օր մը ապրուեցաւ՝ մշակութային յանձնախումբին կողմէ կազմակերպուած միջվարժարանային բառախաղին առթիւ։ Համայնքային 14 միջնակարգերէն եւ 5 լիսէներէն աշակերտական խումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին։

Կազդուրման կայանի «Ճամպազեան» խաղավայրին մէջ տեղի ունեցաւ բառախաղը։ Ձեռնարկը սկսաւ առաւօտուն եւ աւարտին հասաւ կէսօրէն առաջ։ Կայանի հիւրընկալ երդիքին տակ կէսօրին բոլորը ճաշեցին միասնաբար։ Ներկայ էին նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, Կազդուրման կայանի Խնամատար մարմնի ատենապետուհի Ազնիւ Մեծատուրեան եւ իր գործակից ընկերները, կայանի տնօրէնուհի Լիզա Չոլաքօղլու, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդէն Թամար Ներկիզ, աշակերտներ, կրթական մշակներ, աշակերտներու ծնողներ, ինչպէս նաեւ բառախաղի դատակազմի անդամները՝ գլխաւորութեամբ Սիլվա Կոմիկեանի եւ Ժագլին Էրմէնի։

Իւրաքանչիւր վարժարանէն երեքական հոգիէ բաղկացեալ խումբեր մասնակցեցան բառախաղին։ Էսաեանի եւ Կեդրոնականի լիսէի բաժիններէն ներկայ էր երկուքական խումբ։ Ծրագրին ընթացքը վերահսկեցին՝ Սարին Աքպաշ, Մելինէ Թեմելճի, Նատին Քիթափճեան, Թարա Ուլուչիւսթէր, Վարդան Թէրզեան եւ Ժպիտ Թոփարլաք։

Կէսօրուան ճաշէն վերջ տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխման արարողութիւնը։ Սարին Աքպաշի հանդիսավարութեամբ գործադրուեցաւ յայտագիրը։ Իր ողջոյնի խօսքէն վերջ Ազնիւ Մեծատուրեան եւ Լիզա Չոլաքօղլու վկայականներ եւ յուշանուէրներ յանձնեցին ծրագրի հսկիչներուն եւ դատակազմի անդամներուն։ Յուշանուէր մըն ալ պատրաստուած էր Սօնա Մենթեշէին համար, որու ջանքերով առաջին անգամ տեղի ունեցած էր այս բառախաղը։ Բոլորը խանդավառութեամբ ողջունեցին դափնեկիր խումբերը։ Միջնակարգերու դասաւորման մէջ առաջին հանդիսացաւ Պէզճեան Մայր վարժարանը, որուն յաջորդեցին՝ Տատեան եւ Մէրամէթճեան։ Լիսէներու դասաւորման մէջ առաջին երկու շարքերը նուաճեցին Էասեանի երկու խումբերը, որոնց յաջորդեց Սահակեան։

Արցակման ժամանակ բոլորը զիրար շնորհաւորեցին, նկարահանուեցան ու ժամադրուեցան յաջորդ տարուան բառախաղին համար։

Ուրբաթ, Յուլիս 27, 2018