Տ. ԳՈՒՍԱՆ ՎԱՐԴԱՊԵՏ ԱԼՃԱՆԵԱՆ ԵՐԷԿ ՊԱՏԱՐԱԳԵՑ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագ մատոյց Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Զուիցերիոյ Թեմի Առաջնորդ Տ. Գուսան Վարդապետ Ալճանեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Ծանօթ է, որ Հայր Սուրբը նախկին թրքահայ մըն է ու միաբան՝ Երուսաղէմի Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան։ Երէկուան արարողութեան ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տ. Զաքար Քահանայ Քոփարեան։ Նկատի ունենալով, որ ամրան շրջանին այժմ արտասահման հաստատուած նախկին պոլսահայեր արձակուրդի համար կը գտնուին քաղաքիս մէջ, երէկ ալ Գուզկունճուքի մէջ Ս. Սեղանի սպասաւորներու շարքին կը գտնուէին Արժանթինէն Հրաչ Սրկ. Սուրէնեան, Գանատայէն Կարպիս Սրկ. Չիչէքեան եւ Պրազիլիայէն Գրիգոր Սրկ. Քիւչիւքիւթիւճիւ։ Բաց աստի, Լեւոն Սրկ. Գույումճեանն ալ մասնակցեցաւ Ս. Պատարագին։ Հոգեզմայլ երգեցողութիւնները կատարուեցան ղեկավարութեամբ Մուրատ Կիսասարկաւագ Իչլինալչայի։
Արարողութիւններու աւարտին եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ սարքուեցաւ բացօթեայ սիրոյ սեղան մը։ Թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր ընկերները ջերմ մթնոլորտի մը մէջ հիւրընկալեցին հոգեւորականները, սարկաւագներն ու դպիրները, ինչպէս նաեւ հաւատացեալները։ Տիկնանց յանձնախումբին կողմէ սարքուած սեղաններուն շուրջ ստեղծուեցաւ անմիջական ու սիրալիր զրոյցի մը մթնոլորտը։